ՆՈՐԹՐԻՃ.- Արշակունի ընտանիքի հիմնադրամը կը յայտարարէ, թէ որոշուած է Մերիլին Արշակունիի անուան կրթանպաստներու հիմնադրամ մը կազմել, ի պատիւ հայ աշակերտներու կրթութեան նուիրուած ուսուցչուհիին:
Մերիլին Արշակունի 28 տարիներ (1970էն 1998) դասաւանդած է «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանէն ներս: Ան նաեւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին կ՛աշխատակցի եւ իր ամուսնոյն՝ Յակոբ Արշակունիին հետ, խմբագրած է «Armenian Timeline» հատորը, որուն մէջ ամբարուած հայոց պատմութեան տեղեկութիւններուն հիման վրայ, տարեկան զարգացման մրցումներ տեղի կ՛ունենան Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու ութերորդ դասարանի աշակերտներուն միջեւ, 2000 թուականէն ի վեր:
«Ֆերահեան»ի հետ իր կապը ամուր պահելով՝ մինչեւ 2000 տոլարի կրթանպաստ մը պիտի տրամադրուի այդ վարժարանէն շրջանաւարտի մը: Դիմումնագիրները պէտք է ներկայացուին մինչեւ Յուլիս 15:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրներու համար, դիմել marshschol@gmail.com հասցէին: