Պոլսահայ նկարչուհի Վերժին Շապճը Ապրիլ ամսուան ընթացքին կազմակերպեց իր 17րդ անհատական ցուցահանդէսը, որ այս անգամ ներկայացուեցաւ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ։
Ցուցահանդէսի հովանաւորութիւնը ստանձնեց Աւստրիական լիսէի շրջանաւարտներու Վիեննայի միութիւնը եւ ձեռնարկին համար տրամադրուեցաւ «Ինթէրքուլ»չ սրահը։ Այս ձեռնարկը իրականացնելու նպատակով Վերժին Շապճըին մեծապէս օգնական հանդիսացան Արման Պարութճու եւ տօքթ. Չընար Սէօզէր։
Նկարչուհին արուեստասէրներու ուշադրութեան յանձնեց 21 նկարչական աշխատանքներ։ Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 8ին եւ նկարչութեան սիրահար մեծ թիւով մշակութասէրներ ներկայ գտնուեցան այս ձեռնարկին։
Ներկաներու կարգին էին Աւստրիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպան Քատրի Էվճէթ Թէզճան ու գլխաւոր հիւպատոսը՝ Իպրահիմ Եաղլը իր կնոջ Տէֆնէի հետ միասին։
Ցուցահանդէսը բաց մնաց մինչեւ 22 Ապրիլ։