
ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Աշխատանքային այցով Փարիզ մեկնած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մայիս 17ին հանդիպած է Ֆրանսայի իր գործընկերոջ՝ ԱԳ նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ: Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններուն եւ քաղաքական երկխօսութեան, իրաւապայմանագրային լայն հենքին, միջխորհրդարանական ամուր կապերուն, ապակեդրոնացուած համագործակցութեան եւ Հայաստանի մէջ ֆրանսական ընկերութիւններու աճող ներկայութեան կապակցութեամբ:
Ալեն Ժիւփէ ընդգծած է, թէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած են սերտ եւ բարեկամական փոխյարաբերութիւններ: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները հանգամանալից անդրադարձած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն, միջազգային եւ տարածաշրջանային երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրներուն: Նախարարներ Նալբանդեան եւ Ժիւփէ արձանագրած են, թէ շարք մը միջազգային հարցերու վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դիրքորոշումները կը համընկնին:
Նախարարները քննարկած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները եւ այդ ծիրէն ներս իրականացող ծրագիրները, փոխանակած են միտքեր՝ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս հայ-ֆրանսական համագործակցութեան շուրջ եւ անդրադարձած Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գործունէութեան:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ եղած է արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացը: Երկուստէք շեշտուած է հիմնահարցի խաղաղ եւ բանակցային լուծման այլընտրանքի բացակայութիւնը: Էդուարդ Նալբանդեան բարձր գնահատած է Ֆրանսայի կառուցողական դերակատարութիւնը, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ: Էդուարդ Նալբանդեան, իր կարգին Ալեն Ժիւփէն հրաւիրած է այցելելու Հայաստան:
Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահի դիւանագիտական եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Ժան-Տաւիտ Լեւիթի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են այս տարուան երկրորդ կիսուն նախատեսուած՝ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Հայաստան այցելութեան, ինչպէս նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա կատարելիք այցելութեան նախապատրաստման առնչուող հարցեր:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը Մայիս 18ին երկօրեայ աշխատանքային այցով մեկնած է Միացեալ Նահանգներ։ Մայիս 19, Ուաշինկթընի մէջ Նալբանդեան հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ: Այցելութեան ընթացքին, ան ելոյթ պիտի ունենայ «Պրուքինկզ» քաղաքագիտական կեդրոնին մէջ: Նախատեսուած է նաեւ Նալբանդեանի հանդիպումները ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Իսկ Մայիս 20ին, Հայաստանի ԱԳ նախարարը Նիւ Եորքի մէջ պիտի մասնակցի Շարլ Ազնաւուրի մեծարման երեկոյին: