Քալիֆորնիահայ բժշկական ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 21ին, Հոլիվուտի «Ռենեսանս» պանդոկին մէջ, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ:
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ լուսնոտ երեխաներու օժանդակութեան համար ընկերակցութեան տարած աշխատանքներուն:
Հիւանդապահուհի եւ դասախօս դոկտ. Զարմինէ Նաքաշեան եւ քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Սիմոն Չեքմետեան պիտի մեծարուին ձեռարկին ընթացքին, իսկ ձեռնարկի հանդիսավարն է յայտնի կատակաբան ու դաշնակահար Գեւ Օրքեան՝ Բրիտանիայէն:
Տոմսերու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 980-7777 թիւին կամ info@aamsc.com հասցէին: