Ապրիլը հայութեան համար միայն Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ու կորուստներու յիշատակման հանգրուան չէ, այլ նաեւ ժամանակ է յիշելու, որ մեր կրած ծանր վնասներուն դիմաց արձանագրած ենք հերոսամարտեր, որոնց կերտիչները եւս անժամանցելի պատգամներով իրենց տեղը ունին մեր կեանքին մէջ, մեր պահանջատիրութեան մէջ, մեր բազմաճիւղ պայքարին մէջ։
1915ին տեղի ունեցած Վանայ, Մուսա Լերան, Սասնոյ ու այլ հերոսամարտերուն կողքին, բռնագաղթի ալիքներուն աւարտէն ու հայրենադարձութենէ ետք, մեր պատմութիւնը արձանագրած է նոր հերոսամարտեր, որոնք կարեւոր դեր ունեցած են Ցեղասպանութենէ փրկուածներու՝ երկրորդ փրկութեան մէջ, թէեւ այս անգամ՝ վերջնականապէս սփիւռքացումի գնով։ Այդ հերոսամարտերու շարքին է Այնթապի հայութեան գոյապայքարը, որ երկարած է աւելի քան տասը ամիսներու վրայ եւ որուն յիշատակը կ՛ոգեկոչեն վերապրողներուն ժառանգորդները՝ ամէն տարուան Ապրիլի սկիզբը։
Այնթապի մշակութային միութիւնը հերոսամարտի 91րդ տարեդարձը յիշատակեց տարեկան իր հանդիսութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ռէյմընտ եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ, Կիրակի, Ապրիլ 3ի յետմիջօրէին։ Խուռներամ հայրենակիցներ ու ազգայիններ համախմբուած էին սրահին մէջ, որուն բոլոր աթոռները գրաւուած էին. բազմաթիւ հանդիսականներ յոտնկայս հետեւեցան յայտագիրին։
Բացման խօսքը արտասանեց միութեան վաստակաշատ ատենապետ Աւետիս Տէմիրճեան, որ հանդիսականները ողջունելու կողքին, աւետիս մը տուաւ։ Ան յայտարարեց, թէ միութիւնը նախաձեռնած է Հայաստանի Նոր Այնթապ աւանին մէջ կառուցել նոր եկեղեցի մը՝ իբրեւ ոգեկոչում գրաւեալ Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ բազմահանգրուան սրբապղծումներու ենթարկուելէ ետք, այժմ վերածուած է մզկիթի։ Կառոյցը պիտի ունենայ քանի մը բաժին. վերնայարկը՝ եկեղեցի մը, իսկ ստորին յարկին վրայ պիտի ըլլայ թանգարան մը եւ սրահ մը՝ յարակից մասերով։ Ճարտարապետն է Սարգիս Պալմանուկեան, որուն ստորագրութիւնը կը կրեն Տէր Զօրի Նահատակաց մատուռն ու Ցեղասպանութեան նուիրուած այլ կոթողներ։ Անոր պատրաստած նախագիծերը ցուցադրուած էին սրահին մէջ։ Ա. Տէմիրճեան յոյս յայտնեց, որ այս ծրագիրը գործնական ճամբու մէջ կը մտնէ ու իրականութիւն կը դառնայ բարերարներու եւ մեր ժողովուրդին մասնակցութեամբ։ Ապա հրաւիրեց հանդիսավարը, որպէսզի յայտագիրը գտնէ իր ընթացքը։
Հանդիսավարն էր տաղանդաւոր ասմունքող ու միութեան վարչութեան անդամներէն Թագուհի Արզումանեան, որ թէ՛ իր նախաբանով եւ թէ յայտագիրի իւրաքանչիւր մասնակիցը ներկայացնող սեղմ արտայայտութիւններով, մեծապէս նպաստեց հայրենաշունչ ու իրաւատիրական ոգիի դրսեւորման։ Յայտագիրին պաշտօնական բաժինը սկսաւ Ամերիկեան ու Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ։ Գլխաւոր բանախօսն էր վեր. Պարգեւ Տարագճեան, որ հրաւիրուած էր խօսելու Այնթապի ինքնապաշտպանութեան մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն ունեցող երեք անձնաւորութիւններու՝ Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի, Աւետիս Գալեմքէրեանի եւ Ատուր Լեւոնեանի մասին։ Ան սեղմ բայց բովանդակալից գիծերով ներկայացուց երեք ականաւոր հայորդիները, որոնցմէ երկուքին անձամբ ծանօթ եղած է ինք, իսկ Ներսէս քահանային ծանօթացած է գիրքերու եւ վկայութիւններու ճամբով։ Իր յիշատակներէն պատառիկներու կողքին, վեր. Տարագճեան արտայայտուեցաւ յիշեալ անձնաւորութեանց նկարագրային գիծերուն ու ինքնապաշտպանութեան մէջ առաջնորդողի դերակատարութեան մասին, աւելցնելով, որ անոնք, Այնթապի պարպումէն ետք, նաեւ Հալէպի մէջ եղած են հեղինակաւոր ու յարգանք վայելող ազգայիններ եւ հաւաքական կեանքի մէջ դերակատարներ։
Յայտագիրը ունէր երկրորդ գլխաւոր բաժին մը՝ գիրքերու ներկայացում. այս բաժինը արդարացուց միութեան անունին «մշակութային» բառը։ Առաջին հերթին, ծանօթ «գիրքի մարդ»՝ Թորգոմ Փոսթաճեան, ներկայացուց միութեան պատուոյ նախագահ Երուանդ Պապայեանի նոր հրատարակուած հատորը՝ «Սիրուած դէմքեր, գիրքեր, իրագործումներ եւայլ»ը։ Ծերունազարդ հեղինակը ներկայ էր հանդիսութեան։ Թ. Փոսթաճեան անդրադարձաւ հեղինակին դաստիարակի, ազգային գործիչի ու գիրքի մարդու վաստակին, որ կ՛երկարի աւելի քան 70 տարիներու վրայ, ապա, սեղմ անդրադարձումներ կատարեց գիրքի բովանդակութեան մասին՝ առանձնացնելով Գարեգին Ա. կաթողիկոս Յովսէփեանցի նման դէմքերու գործունէութիւնն ու վաստակը։
Սարգիս Պալմանուկեան ներկայացուց երկրորդ գիրք մը՝ հանգուցեալ տոքթ. Յարութիւն Նազարեանի «Եղեռնէն վերապրողի յուշեր»ը, հրատարակուած՝ անոր մահէն ետք, զաւակներուն նախաձեռնութեամբ։ Ինչպէս կը թելադրէ հատորին խորագիրը, անիկա կ՛արտացոլացնէ կեանքը հայորդիի մը, որ թէեւ բռնագաղթի չէ ենթարկուած Այնթապէն, սակայն մանկութեան օրերէն ականատես եղած է մեր ժողովուրդի ողբերգութեան ճնշիչ դրուագներուն, հետեւած է մեր ժողովուրդի վերապրումին եւ ունեցած՝ համայնքային ու ազգային ստուար ծառայութիւն։ Գիրքը խմբագրուած է հալէպահայ գրող Թորոս Թորանեանի կողմէ, որ գրաւոր սրտի խօսք մը յղած էր։ Զայն ընթերցեց հեղինակին ընտանեկան հարազատներէն տոքթ. Րաֆֆի Պալապանեանը, որ նաեւ դիպուկ նշումներով անդրադարձաւ տոքթ. Նազարեանի յատկանիշներուն ու թողած ժառանգութեան, թէ՛ իր ընտանեկան հարազատներուն եւ թէ իր շրջապատին ու ընթերցողին։
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը վստահուած էր Յակոբ Նազարեանի ու Քնարիկ Ներկարարեանի։ Առաջինը, իր ջութակով, իսկ երկրորդը՝ առինքնող ձայնով, հայկական երգարուեստի ու երաժշտութեան գանձարանէն գոհարներու մատուցումով՝ գեղեցիկ կնիք մը դրին ոգեկոչական մթնոլորտին վրայ։
Հանդիսութեան փակման խօսքը կը պատկանէր Երուանդ Պապայեանի. նկատի ունենալով առողջական վիճակը՝ ան խնդրեց, որ իր գրաւոր խօսքը ներկայացուի տոքթ. Սիլվա Գարայեանի կողմէ։ Ան ոգեկոչեց յիշատակը Այնթապի հերոսամարտի կերտիչներուն ու նահատակներուն, գնահատանք արձանագրեց յայտագիրի մասնակիցներուն ու հանդիսավարին եւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարուան Ապրիլին, դարձեալ ժամադրուած ենք հերոսամարտի 92րդ տարեդարձը նշելու։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Այնթապի հերոսամարտի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ։