«Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը հաղորդէ, թէ Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը երեւան հանած է թիւ 210 ազատուղիին վրայ, Ապրիլ 29ին տեղի ունեցած 33ամեայ Ատրինէ Արզումանեանի սպանութեան ոճրագործը։ Կլենտէյլի բնակչուհին ինքնաշարժէ մը դուրս նետուած էր այդ ազատուղիին ծայրը:
Կը կարծուի, թէ մարդասպանը զոհին զարմիկն է՝ 27ամեայ Արամ Սարուխանեանը, որուն դէմ սպանութեան մեղադրանք ներկայացուեցաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 11ին:
Արամ Սարուխանեան իր զարմիկը սպաննելէ ետք Կլենտէյլ ուղղուած է, սակայն կանգ առած՝ Մաունթըն սթրիթի մօտ։ Ան եւս հրազինային վնասուածք ստացած էր եւ ոստիկանները զայն ձերբակալելէ ետք փոխադրած էին Փասատինայի հիւանդանոցներէն մէկը։ Ոստիկաններուն խօսքով, ան հաւանաբար փորձած էր անձնասպան ըլլալ։
Սարուխանեան, որ ցարդ հիւանդանոց կը գտնուէր, ոստիկաններու հսկողութեան տակ, դարմանումէն ետք պաշտօնապէս ձերբակալուած է։ Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ հետաքննութիւնը՝ սպանութեան դրդապատճառները պարզելու համար։
Սարուխանեանի ազատ արձակման փրկագինը 1 միլիոն տոլարով սահմանուած է: