ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է հայրենադարձութեան մասին սփիւռքի նախարարութեան կողմէ մշակուած հայրենադարձութեան օրէնքի նախագիծը, որ պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի հաստատման:
Քսան տարուան անկախ պետականութեան պայմաններու տակ, հայրենադարձութեան օրէնքի լաւագոյն տարբերակը բնականօրէն պէտք է ծնած ըլլար կեանքով ամրագրուած սկզբունքներով:
Այդպէս չեղաւ: Հայրենադարձութեան գաղափարը չկրցաւ կենսագործուիլ, չկրցաւ դառնալ սփիւռքեան համայնքները յուզող, հետաքրքրող, շահագրգռող, հրապուրող միտք: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր» կարգախօսը, որ անկախութեան առաջին իսկ օրերէն հրապարակ նետուեցաւ, նախքան արմատաւորուելու ու հասուննալու հնարաւորութիւն ունենալը, դէմ յանդիման եկաւ անհանդուրժող, նոյնիսկ թշնամական վերաբերմունքի՝ իբրեւ «նարինջ ուտողներ»ու միտքի ծնունդ:
Հայրենադարձութիւնը, մեր ժողովուրդի մօտիկ անցեալի (խորհրդային տարիներու) փորձառութեան լոյսին տակ, յուսախաբ հայրենասէրներու մօտ բաւական դառն յուշեր արթնցնող գաղափար է: Նորեկներու («աղբար» յորջորջուած) եւ տեղացիներու միաձուլումը, մէկ ընկերային հիւսուածքի մը մէջ անոնց համարկումը բոլորովին բախտի քմայքին թողնուած՝ բոլորովին ձախողեցաւ՝ ներքին լարուածութիւն, խտրականութիւն ու անհանդուրժողականութիւն յառաջացնելով, որուն հետեւանքով զանգուածային արտագաղթ սկսաւ առաջին ստեղծուած առիթին իսկ:
Հիմա օրէնք կը մշակուի ու այս գործընթացը կարելի չէ թերագնահատել, կամ նսեմացնել: Ընդհակառակը, այս օրէնքին կամ այս գաղափարի կենսունականացման հետ յոյսեր կը փայփայենք, թէ՝
Հայաստանը պիտի կարենայ ապաստան դառնալ աշխարհի բոլոր անկայուն շրջաններու մէջ ապրող հայերուն: Ինչո՞ւ կեանքի ապահովութիւն փնտռող հայը- Հայաստանը նկատի պիտի չառնէ իբրեւ իր ընտանիքին խաղաղ երկինք պարգեւող երկիր:
– Հայաստանը պիտի կարենայ այնպիսի հասարակութեան մը հայրենիքը դառնալ, որ գրկաբաց պիտի ընդունի ճակատագիրով կամ հազար ու մէկ պատճառներով հեռաւոր ափեր մեկնած հայորդիներ, նոր արտագաղթող թէ ցեղասպանութիւնը վերապրող՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ:
– Հայաստանը պիտի կարենայ հայրենասէր խենթերուն պետական բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի իրենց երազած վերադարձը չվերածուի մղձաւանջային փորձառութեան մը:
Շատ բան կ՛ակնկալուի Հայաստանէն, Հայաստանի պետութենէն: Յուսանք, որ պետական մտածողութիւնը չի շարժիր այնպիսի տրամաբանութեամբ, որ հայրենադարձութիւնը կը նկատէ իբրեւ հայրենասիրութեան չափանիշը. եթէ իսկական հայրենասէր ես, ոչ մէկ խոչընդոտ պէտք է նկատի առնես, ու ամէն զոհողութիւն յանձն առնելով, կեանքդ, ապագադ ու ընտանիքդ անորոշ ապագայի մը դատապարտելով՝ պէտք է ելլես ու երթաս: Այսպէս մտածողները ընդհանրապէս հայրենադարձութեան գաղափարը մերժողներն են, որոնք արհամարհանքով ու նոյնիսկ ծաղրանքով կը վերաբերին հայրենիք վերադառնալու փափաք արտայայտողներուն հանդէպ՝ կասկածելով անոնց լրջութեան, վաւերականութեան վրայ:
Հայրենադարձութիւնը պէտք է շարժումի վերածուի՝ օրէնքով կամ առանց օրէնքի: