
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Մայիս 12ին, Սթրազպուրկի իր լիագումար նիստին ընթացքին Եւրոպական Խորհրդարանը խստիւ դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ մարդկային իրաւանց, հաւաք կազմակերպելու եւ խօսքի ազատութեանց դէմ դրած իրենց կաշկանդումներուն համար։
Եւրոխորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական խումբերու անդամները իրենց խօսքերուն մէջ դատապարտած են Պաքուի իշխանութեանց օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինները՝ Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց խախտումներուն համար, եւ շեշտած են թէ, Եւրոմիութիւնը պէտք չէ հանդուրժողական կեցուածք ցուցաբերէ Ալիեւի վարչախումբին նկատմամբ, պարզապէս, որովհետեւ Ատրպէյճանէն ուժանիւթ ու քարիւղ կը ստանայ:
«Հիմնական ազատութիւններ, մարդկային իրաւունքներ եւ ժողովրդավարութիւն» օրակարգով եղած են զրոյցներ եւ միաձայնութեամբ որդեգրուած է բանաձեւը՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի մէջ ցուցարարներու դէմ կիրարկուած բռնութիւնները, ձերբակալումները, բռնարարքները եւ սարսափի մթնոլորտը, որուն մէջ կր գտնուին հասարակական կազմակերպութեանց անդամները, զանգուածային լրատուական միջոցներու աշխատակիցները եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները։ Խիստ դատապարտութեան ենթարկուած են նաեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած անհիմն փաստերով «արագ դատավարութիւններ»ն ու բանտարկութիւնները եւ կոչ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի, որ յարգէ մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքները։
Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ըլլայ նաեւ Պաքուի իշխանութեանց՝ անմիջապէս ազատ արձակելու բանտարկեալները, երիտասարդներն ու քաղաքական գործիչները, իբրեւ բարի կամեցողութեան առաջին քայլ: Կը նշուի նաեւ խօսքի ազատութիւնն ու խաղաղ հաւաքները երաշխաւորելու կարեւորութիւնը։
Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Պաքուի համալսարանի ուսանողներուն դէմ եղած ոստիկանական բռնարարքները՝ հաստատելով թէ, տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքը ազատ, բաց ու ժողովրդավար պետութիւններու հիմնական երաշխիքներն են։
Ատրպէյճանէն անմիջապէս ետք, օրակարգի նիւթը եղած է Պելոռուսի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական խախտումներն ու մարդկային ազատութեանց կաշկանդումները։