ՓԵՆԶԱ, Ռուսիա.- Ռուսիոյ Փենզա քաղաքին մէջ պիտի կառուցուի հայկական եկեղեցի մը, որուն համար տարածք տրամադրուած է Ս. Առաքելոց Պետրոս-Պօղոս եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ։ Ռուսիոյ հայերու «Երկրամաս» թերթը կը հաղորդէ, թէ նոր եկեղեցւոյ շինութեան նախագիծը պիտի ներկայացուի Մոսկուայի պատկան մարմիններուն։
Եկեղեցին պիտի կառուցուի Փենզա ապրող մօտաւորապէս եօթը հազար հայերու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ: