ԱՂԵՔՍԱՆՏՐԻԱ, Եգիպտոս.- «Տիգրան Երկա»չ մշակութային միութեան «Զանգեզուր» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ նոյն միութեան «Տիգրան Ալեքսանեան» սրահին մէջ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ի երեկոյեան:
«Ներկայ էին մօտաւորապէս 200 հայ եւ օտար հանդիսականներ: Պարախումբը ներկայացուց վեց հայկական պարեր, որոնցմէ երեքը կատարեցին 4էն 8 տարեկան երեխաներ, իսկ միւս երեքը՝ երէցներ, ապա եզրափակիչ պարին մասնակցեցան պարախումբին բոլոր անդամները», յայտնեց միութեան ատենադպիր եւ Աղեքսանտրիոյ Քաղաքական ժողովի փոխատենապետ Էտուար Մանուկեան:
Ներկայ էին Աղեքսանտրիոյ առաջնորդական փոխանորդ Գրիգոր քհնյ. Մուրատեան, «Յառաջդիմասէր» մշակութային միութեան ատենապետ Լեւոն Փափազեան եւ այլ ակումբներու ներկայացուցիչներ ու անդամնր: «Անոնց ծափողջոյնները ոգեւորեցին պարախումբի անդամները, Գարէն Գաւուքճեան մեներգեց «Հայոց Երկիր» երգը, մինչ երեխաները կը պարէին», կը տեղեկացնէ Մանուկեան:
Հանդիսութեան աւարտին, շնարհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ նոյն միութեան ատենապետ Աստղիկ Ալեքսանեան: Ան միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց պարախումբի պարուսոյց Յասմիկ Սերբէքեան-Տէնեանին:
Գահիրէի «Զանգեզուր» պարախումբը հիմնուած է 1971ին. անոր առաջին պարուսոյցը եղած է Լէոնորա Գրիգորեան: