
ՊԱՔՈՒ.- Ինչպէս կը յայտնեն «Facebook» հասարակական կայքի ատրպէյճանցի օգտատէրերը, Մայիս 1ին, ատրպեճանական Ասթարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «հայկական զինուած ուժերուն կողմէ սպաննուած զինուորի մը՝ Միրզա Մահմուտզատէի թաղումը». 1992ին ծնած 19ամեայ Մահմուտզատէ սպաննուած է ԼՂՀի եւ Ատրպէյճանի սահմանի հարաւային մասին տեղի ունեցած հրաձգութեան մը ընթացքին: Վկայութիւններուն համաձայն, Մահմուտզատէէն բացի, սպաննուած է նաեւ ատրպէյճանցի երեք այլ զինուորական ծառայող:
Ըստ տեղեկութիւններուն, մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճան կորսնցուցած է 51 զինուորական ծառայող: