
ՓԱՐԻԶ.- Վաղը՝ Չորեքշաբթի, 4 Մայիսին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի քննարկէ եւ քուէարկութեան պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութեան դէմ օրէնքի պահանջքը, որ 12 Հոկտեմբեր, 2006ին երկրի Ազգային ժողովին կողմէ վաւերացուած էր:
«Հակառակ թրքական պետական բացայայտ ճնշումներուն, հայ համայնքը միացեալ բուռն ճիգերով կը շարունակէ պայքարիլ այս օրէնքի ձեռքբերման համար, առաջին հերթին յանուն մարդկային արդարութեան ու մարդկութեան արժանապատուութեան», կ՛ըսէ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան, աւելցնելով, որ բոլոր հոսանքներուն պատկանող ծերակուտականներու թէ գործադիր իշխանութեան բանալի նախարարներու կամ ղեկավարներու մօտ կը տարուի աշխատանք:
Անդրադառնալով թրքական կառավարութեան կողմէ Փարիզ վերոնշեալ օրինագիծը ձախողեցնելու առաքելութեամբ գործուղուած պատուիրակութեան գործունէութեան, Վարժապետեան ընդգծեց, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու աշխատանքը կը տարբերի այն իմաստով, որ «հայ համայնքի զաւակները իրենց աշխատանքները կը տանին առաջին հերթին իբրեւ ֆրանսացի լիիրաւ քաղաքացիներ ու իբրեւ այդպիսին իրենց քաղաքացիի իրաւունքը կը պահանջեն իրենց ներկայացուցիչներէն, մինչդեռ թրքական պետական միջամտութիւնը անընդունելի է ու կը նկատուի օտար պետութեան մը կողմէ այլ ինքնիշխան պետութեան մը ներքին գործերու միջամտութիւն»:
Հայ համայնքի քաղաքական յարաբերութիւնները շաբաթավերջին հասան մինչեւ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի մակարդակին: Նախագահը Էլիզէի մէջ աւելի քան մէկուկէս ժամուան հանդիպում ունեցաւ համայնքի պատուիրակութեան հետ, որու մաս կը կազմէին ՀՅԴի ներկայացուցիչ եւ ՍԷ. Է.ԱՅ.ԷՖ.ի (Ֆրանսահայ հասարակական կազմակերպութիւններու համախմբումի) համանախագահ Մուրատ Փափազեան, ՍԷ.ՍԷ.ԱՅ.ԷՖ.ի համանախագահ Արա Թորանեան, Շարլ Ազնաւուրի ներկայացուցիչ Լեւոն Սայեան, Փաթրիք Տեւէճեան եւ Ժան Սարքոզի (նախագահի զաւակը):
Հանրապետութեան նախագահը խոստացաւ չարգելակել այս օրէնքի որդեգրումը եւ չկաշկանդել իր համակիր ծերակուտականները, ընդհակառակն, ան յստակ դարձուց անգամ մը եւս, թէ ինք կը մերժէ ցեղապաշտութիւնը, ընդգծելով, որ «ժխտողականութիւնը համազօր է ցեղապաշտութեան»: