
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները՝ Երկուշաբթի, Մայիս 2ին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հերթական անգամ յայտարարած է, թէ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը անկարելի է:
Իգտիրի բնակչութեան հետ Կիրակի օր կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, Էրտողան նշած է, որ դէպի Նախիջեւան ճանապարհաշինութիւնը աւարտած է, եւ որ նոր ճանապարհները շահագործման պիտի յանձնուին մօտ ատենէն: Ապա Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարած է. «Ղարաբաղը մեր հարցն է, Նախիջեւանը մեր հարցն է։ Ատրպէյճանի տխրութիւնը մեր տխրութիւնն է, ուրախութիւնը՝ մեր ուրախութիւնը։ Այստեղ՝ Իգտիրի մէջ, դարձեալ կը յայտարարեմ, որ մինչեւ ղարաբաղեան հարցը չլուծուի, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհնար է։ Մենք միշտ Ատրպէյճանի, Ղարաբաղի կողքին եղած ենք. այդպէս պիտի ըլլայ միշտ։ Որեւէ մէկը թող մեզմէ այլ բան չսպասէ»։
Նշենք, որ Իգտիր քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ատրպէյճանցի է։
Այս մարդուն այստեսակ արտայայդութիւններուն որքանը քաղաքական մարդէ սպասուծ դիրքորոշում է, ու որքանը իր մտերիմ համոզումն է, գիտնալ դիւրին չէ: Նկատի առնելով որ մի քանի առիթներով այցպես խօսած է, կը համարեմ որ աւելի երկրորդն է քան պարզապես առաջինը: