Ներկայութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ապրիլ 2ին դրամահաւաքի ընթրիք մը տեղի ունեցած է Խորէն եւ Քեթի Քասարճեաններու բնակարանին մէջ, ի նպաստ Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին, որուն համար նոր հողատարածք մը գնուած էր 2008ին:
Ընթրիքին ընթացքին կարելի եղած է 60,000 տոլար եւս հաւաքել՝ ցարդ հաւաքուած գումարը հասցնելով 360,000 տոլարի:
Ընթրիքին հանդիսավարն էր Սոլանա քաղաքի փոխքաղաքապետ Ճօ Քելեճեան, որ 1977ին եղած է եկեղեցւոյ համար առաջին դրամահաւաքը կատարած 17 անձերէն մէկը:
Նոր եկեղեցւոյ ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.stjohngarabedtrust.org կայքը կամ դիմել takessiang@yahoo.com հասցէին ու (858) 569-6527 թիւին: