ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Շարժա Էմիրութեան մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցական համալիրի սրահին մէջ, Ապրիլ 23ին կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման յուշ-երեկոյ մը, որուն մասնակցած են ԱՄԷի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան, Ազգային իշխանական կառոյցներու ղեկավար կազմը, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Երեկոյի սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են 1915ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք ցուցադրուած է Մեծ Եղեռնին նուիրուած «Աղէտ» վաւերագրական տեսաերիզը:
Այնուհետեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է հոգեհանգստեան պաշտօն: Աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը խորհրդանշող խաչքար-յուշարձանին դիմաց ծաղիկներ դրուած են՝ ԱՄԷի մօտ ՀՀ դեսպանութեան, համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ ներկաներուն անունով, որուն յաջորդած է մոմավառութեան աւանդական արարողութիւն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման երեկոները պիտի շարունակուին Ապրիլ 29ին եւ 30ին, ԱՄԷի Շարժա եւ Ապու Տապի քաղաքներուն մէջ: