
ՊՈԼԻՍ.- Ըստ «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած տեղեկութեանց, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի, Ապրիլ 24, 2009ին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգներ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հրապարակած է դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրիի հետ Պահչելիի հանդիպման մասին դեսպանին հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ դեսպանը երեք կէտ նշած է.
Առաջին՝ Պահչելի մտահոգուած է իր կուսակցութեան հանդէպ Ուաշինկթընի պատկերացումներով եւ իր կուսակցութիւնը ներկայացուցած է իբրեւ չափաւոր քաղաքական ուժ. երկրորդ՝ Պահչելի ըսած է, թէ կուսակցութիւնը կը շարունակէ լաւատես մնալ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու հարցով, զոր բնորոշած է իբրեւ «ռազմավարական գործընկերութիւն»։ Երրորդ կէտը, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հաղորդագրութեան մէջ անակնկալ կը համարուի, Պահչելիի անդրադարձն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, որ ըստ էութեան, «հրաւէր մըն էր նախագահ Օպամային՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը»։
Պահչելի «զգացական եւ խիստ, սակայն ոչ զայրացկոտ» ոճով ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա, ամէն տարի, Ապրիլ 24էն առաջ, ամիսներ շարունակ փոխադարձաբար վնասաբեր բանավէճի մէջ կ՛ըլլան այն մասին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահը պիտի ըսէ՞ «ցեղասպանութիւն» բառը։ Ըստ Պահչելիի, իրավիճակը հակա-ամերիկեան մթնոլորտ կը ստեղծէ յատկապէս երիտասարդ սերունդին պատկանող ընտրողներուն մօտ, որոնք իւրաքանչիւր տարի աւելի կը տեսնեն քաղաքական այս լարուածութիւնը։ «Թող Միացեալ Նահանգները հիմա ըսէ այն, ինչ կը պատրաստուի ըսելու», առաջարկած է թուրք ազգայնամոլ կուսակցապետը՝ կարծիք յայտնելով, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ այդպիսով պիտի փակուի «թարախոտ վէրքը»։
Դեսպան Ճեֆրի իր հաղորդագրութեան մեկնաբանութեան բաժինին մէջ նշած է. «Թուրքիոյ հանրութեան մէկ լայն հատուածը կը կարծէ, թէ Միացեալ Նահանգներ մտադիր է 1915ի դէպքերը ի վերջոյ կոչել «ցեղասպանութիւն», սակայն բանավէճը կը շարունակէ՝ զայն իբրեւ լծակ գործածելու համար Թուրքիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններուն ընթացքին»։
Ճեֆրի նաեւ նշած է, որ «Պահչելիի մարտահրաւէրը անկասկած կը հետապնդէ նաեւ իր սեփական շահը։ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանչման նկատմամբ Թուրքիոյ մէջ յառաջանալիք հակադարձութեան իբրեւ արդիւնք, կուսակցութիւնը օգուտներ պիտի քաղէ»։ Դեսպանը աւելցուցած է, որ իրականութեան մէջ Պահչելի կը փորձէ քաղաքական աղմուկ բարձրացնել՝ պնդելով, որ Օպամային կողմէ «Մեծ Եղեռն» եզրի օգտագործումը հաւասարազօր է «ցեղասպանութիւն» բառին։
ays lurı shad hedakıkir lur mın e. an askamol gusaksutyunı inçbey gırna aysbes ıse