
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ համայնքէն ներս թիւ մէկ հարցը կը մնայ տարաբախտ Սեւակ Պալըքճըի մահը, որ պատահած էր Պաթմանի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, Ապրիլ 24ին, որովայնէն ստացուած գնդակի մը հետեւանքով։ Համայնքային բոլոր շրջանակներէ ներս այս մահուան մասին կը խօսուի ու ամբողջ համայնքը կը ցաւակցի դժբախտ Պալըքճը ընտանիքին, փայլուն ապագայ խոստացող համակրելի երիտասարդի մը վիճակուած այս տխուր ճակատագիրին կապակցութեամբ։ Համայնքը, ինչպէս նաեւ ընտանիքը, տակաւին չեն կրցած ձերբազատիլ այս սահմռկեցուցիչ պատահարին ցնցումէն։
Սեւակին մահը տեղի տուած է զանազան մեկնաբանութիւններու. համացանցի կայքէջերու վրայ խիստ ու ցնցիչ մեկնաբանութիւններ կը հրատարակուին. ոմանք շատ ծանր ամբաստանութիւններ կ՛ընեն պատահարը դատապարտելու համար, ուրիշներ ալ կը յիշեցնեն, թէ նմանօրինակ արկածներ շատ կը պատահին բանակին մէջ։ Բայց պաշտօնական շրջանակներ, նաեւ Սեւակի ընտանիքին անդամները, ընդհանրապէս զգոյշ լեզու մը ունին ու համոզուած են, որ պատահածը շատ ցաւալի արկած մըն էր։
Ոստիկան զօրաց )ժանտարմա) ընդհանուր հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի, Ապրիլ 26ին հրատարակեց զինուոր Սեւակ Պալըքճըի մահուան մասին լուսաբանութիւն մը, ուր ըսուած է.
«Ապրիլ 24, 2011ին, Գոզլուքի մէջ (Պաթման) պատահած արկածի մը հետեւանքով ոստիկան-զինուոր Սեւակ Պալըքճը մահացած է. բայց տեսնուած է, որ կարգ մը թերթեր, տեղեկութեան պակասի հետեւանքով, հրատարակած են այս մասին սխալ լուրեր ու մեկնաբանութիւններ»։
Լուսաբանութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ այդ օրը զինուորական պահականոցէն 50 մեթր անդին, անձրեւներու պատճառաւ վնասուած պատնէշներու նորոգութեան համար 7 հոգիէ բաղկացեալ խմբակ մը աշխատանքի ղրկուած էր։ Երկու զինուորներու յանձնուած էր աշխատող խմբակը հսկելու պարտականութիւնը։ Նոյն օրը, ժամը 11:15ին, աշխատող զինուորներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու պարտականութիւնը ստանձնած երկու զինուորներէն մէկը, որ Սեւակին ամէնէն մտերիմ ընկերն էր, իրեն յանձնուած հրացանին հետ խաղալու ընթացքին, արկածով վիրաւորած է Սեւակը, որ քանի մը մեթր անդին կ՛աշխատէր։ Վիրաւորեալ ոստիկան-զինուորը անմիջապէս փոխադրուած է Գոզլուքի հիւանդանոց, բայց մահացած է, հակառակ բոլոր միջամտութիւններուն։ Գոզլուքի դատախազութիւնն իսկոյն կատարած է անհրաժեշտ քննութիւնները։ Տրուած ըլլալով, որ պատահարին մէջ որեւէ դիտում չկար, մահուան պատճառ դարձած զինուորը ազատ արձակուեցաւ՝ ոչ-ձերբակալեալ վիճակի մէջ դատուելու որոշումով։
Զինուորական իշխանութիւնները Սեւակի ընտանիքին հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ Սեւակին հայրն ու մայրը հիւրընկալուին Սեւակի ծառայած պահականոցին մէջ եւ հոն անոնք գլուխ-գլխի տեսակցութիւններ ունենան Սեւակի հրամանատարներուն ու զինուոր ընկերներուն հետ։
Նշեալ լուսաբանութեան մէջ հերքուեցան նաեւ մամուլին մէջ երեւցած կարգ մը լուրեր, որոնց համաձայն, ողբացեալ զինուորը պահականոցին մէջ պատահած տարբեր դէպքի մը բերումով ամբաստանուած էր ու այդ մասին գանգատի դիմումնագիր ներկայացուցած էր, սակայն ճնշումներու ազդեցութեան տակ դիմումնագիրը ետ առած էր, կամ թէ՝ Զատիկի առթիւ տուն վերադառնալու արտօնութիւն ուզած էր ու մերժուած էր, եւ այլն։
Զանազան լրատու գործակալութիւններ, որոնց կարգին՝ «Պիանե»չը, դիտել կու տան, որ մամուլի մէջ հրատարակուած առաջին լուրերը կը հակասեն աւելի ուշ հրատարակուած պաշտօնական լուրերուն։ Կը պնդուի, թէ բանակը ընտանիքին հաղորդած է, որ իրենց որդին, պատնէշներու նորոգութեան ընթացքին արկածով մը մահացած է։ Մինչդեռ մամուլը առաջին վայրկեանին գրած էր, որ արկածը պատահած էր, երբ երկու ընկերները կը կատակէին իրարու հետ։ «Պիանե»չ կը նշէ նաեւ, որ Սեւակին հայրը Կիւմիւշսույու զինուորական հիւանդանոց գացած է ու այնտեղէն առած իր որդւոյն մարմինը, ապա՝ զայն փոխադրած Ֆերիգիւղի եկեղեցի։
«ՍԱՊԱՀ» Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ
ՍԵՒԱԿԻՆ ԽՕՍԵՑԵԱԼԻՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին, «Սապահ» թերթը արձագանգ հանդիսացաւ Սեւակին խօսեցեալին՝ Մելանի Գումրուեանի, կարգ մը յայտարարութիւններուն։ Մելանի չի հաւատար, որ պատահարը արկած մըն է։ Ան պատմած է, որ ժամանակ մը առաջ 50 լիրա գողցուած է եւ գողութեան յանցանքը բեռցուած է Սեւակին վրայ։ Յիսնապետ մը բռունցքի հարուած մը իջեցուցած էր Սեւակի որովայնին, իսկ գլուխն ալ զարկեր էր անկողինին։ Ան ալ դիմումնագիր մը ուղարկելով՝ այս խնդիրին մասին տեղեկացուցած էր պահականոցը։ Սակայն աւելի վերջ, ճնշումներու տեղի տալով՝ ետ առած էր իր դիմումնագիրը։
Մելանին նոյնպէս ըսած է իր խօսեցեալին. «Այլեւս երկու ամիս մնաց արձակման, խնդիր մի ըներ»։ Այս բոլորէն ետք, Գումրուեան կը պնդէ, թէ Սեւակ սպաննուած է:
«Ան արդէն իւլքիւճիւներու (ազգայնամոլ «Գործ գայլեր») ճնշումին տակ էր։ Իմ կարծիքով, Ապրիլ 24ի յիշատակութեան մասին կը խօսէին, մէկն ալ հրացանը վերցուց ու զարկաւ», ըսած է Գումրուեան։
Գողութեան պնդումի առնչութեամբ, «Սապահ» թերթը կարճ տողերով արձագանգ կը հանդիսանայ Սեւակին մօր՝ Անի Պալըքճըի յայտարարութեան։ Մայրը ըսած է, թէ շուտով յայտնի դարձած է արդէն, որ Սեւակ կապ չունէր գողութեան հետ, իսկ ծեծի ենթարկուած ըլլալու լուրին չի հաւատար, որովհետեւ կը կարծէ, որ որդին իրեն կ՛ըսէր այդ մէկը, եթէ այդպիսի բան մը պատահած ըլլար։
«Սապահ» կը նշէ նաեւ կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վարդապետին մէկ յայտարարութիւնը։ Հայր Թաթուլ այսպէս պատասխանած է լրագրողի մը հարցումին. «Բուն եւ կարեւոր կէտն այն է, թէ համայնքը ինչո՞ւ այսքա՛ն վրդովուեցաւ այս ցաւալի լուրին դիմաց»։