
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ապրիլ 23ի գիշերը, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ հսկում՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Նիքոլ Աթոյեանի կողմէ արտասանուած բացման խօսքերէն ետք, գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը, որուն իրենց բաժինը բերին «Զուլալ»ը, Րաֆֆի Սեմերճեանը եւ «Էլէմեն»չ խումբը:
Կազմակերպողները, ներկաները հաղորդ պահելու համար Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներուն, հնարաւորութիւնն ստեղծած էին Հայաստանի առաջին ալիքով ուղիղ սփռումի: Նաեւ՝ հսկումը ինքնին ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանէն:
Հսկումի ընթացքին, իբրեւ օրուան պատգամաբեր ելոյթ ունեցաւ «Մոտուս Վիւենտ»ի վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան:
Նկարը՝ հսկումէն տեսարան մըն է: Լուսանկարը՝ Նորա Եագուպեանի:
Յաւելեալ նկարներ կը գտնէք էջ 10ի վրայ, իսկ Արա Պապեանի ելոյթը կու տանք «Օրը Օրին» սիւնակով: