ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Հայ Օգնութեան Միութեան մշակութային եւ կերակրատեսակներու տասներորդ փառատօնը, իր ճոխութեամբ, իր փայլքով պիտի գերազանցէ նախկինները», կը խոստանան ձեռնարկի կազմակերպիչները: Եօթը ամիս առաջ կեանքի կոչուած կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Սեդա Դարբինեան ու Սեդա Խոճայեան, «Ասպարէզ»ին պատմեցին այն բոլոր նախապատրաստական ու քարոզչական աշխատանքներուն մասին, որոնք տարուած են, որպէսզի այս յոբելինական փառատօնը անցնի աննախընթաց ոգեւորութիւն ստեղծող մթնոլորտի մէջ:
«Լոս Անճելըս թայմզ»ի մէջ տեղադրուած 130,000 թռուցիկներով, ելեկտրոնային հազարաւոր հասցէներու ուղարկուած հրաւէրներով, հայկական մամուլի մէջ հրապարակուած ծանուցումներով, կազմակերպողները կը յուսան, որ պիտի կարենան այս շաբաթավերջին տաս հազարէն աւելի մասնակիցներ հրապուրել դէպի Կլենտէյլ «Սիվիք Օտիթորիում» (1401 N. Verdugo Rd), ուր անոնց պիտի մատուցուին մշակութային ճոխ յայտագիրի հետ նաեւ հայկական ուտեստեղէնի հարուստ ընտրանի մը: Ծրագիրին մէջ նաեւ ներառուած են ժողովրդական պարի դասեր, մանուկներու տաղանդի ցուցադրութիւն, տարազներու ցուցադրութիւն, եւ այլն: Ամէն տարուան նման, այս փառատօնին եւս թատերական կերպով պիտի ներկայացուի հայկական հարսանիքի ծէսը:
Փառատօնի իւրայատուկ ու փնտռուած ձեռնարկներէն է խոհարարական ուղեցոյցը՝ որ կը հրատարակուի ամէն տարի:
Դարբինեան եւ Խոճայեան կը վկայեն, որ անցեալ տարիներուն փառատօնին մասնակցած են նաեւ օտարներ: Անցեալ տարուան փառատօնին, օտարներու մասնակցութեան տոկոսը հասած է քսանի: Այս տարի, նկատի առնելով տեղական մամուլի մէջ իրականացուած լայն քարոզչութիւնը, աւելի մեծ թիւով օտարներու մասնակցութիւն կը սպասուի:
Փառատօնը ունի իր հովանաւորները: Գլխաւոր հովանաւորը կը հանդիսանայ «Գարուն» կաթնամթերքի յայտնի ընկերութիւնը (Անդրանիկ Պաղտասարեան): Հովանաւորներ են նաեւ Կլենտէյլ Ատվենթիսթ հիւանդանոցը, Հոլիվուտ Փրեսպիթերիըն բժշկական կեդրոնը, Ճանսզեան իրաւաբանական գրասենեակը, Կլենտէյլի Մեմորիըլ հիւանդանոցը, «Գրաճեան» ներածումի ընկերութիւնը, «Քարուսել»ը, «Ցանգու Չիքըն»ը, «Թրէյտըր Ճօ»ն, «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը, «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ը, «Երեւան» հանդէսը, «Եու.Էս.Էյ. Արմենիա»ն, «Սարգիս Փէյսթրին» եւ տակաւին բազմաթիւ այլ ձեռնարկութիւններ:
«Փառատօնի ընթացքին մասնակցողներուն կը տրամադրեն լայն տեղեկատուութիւն Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութեան եւ առաքելութեան մասին», կը յայտնեն կազմակերպիչները:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներն են Սեդա Դարբինեան (ատենապետ), Էմմա Կարապետեան (փոխատենապետ), Սեդա Խոճայեան (հանգանակութեան պատասխանատու), Էմմա Սալմասեան (գանձապահ), Աստղիկ Շիթիլեան (ատենադպիր), Սաթենիկ Նալպանտեան, Շաքէ Աճէմեան, Շաքէ Աբելեան, Նանսի Պետերեան, Ալիս Պետրոսեան, Ժընին Պուտաքեան, Ժագլին Պոյաճեան, Սոնա Չոփուրեան, Սոնա Քիզիրեան, Սաթենիկ Նալպանտեան, Յասմիկ Փանոսեան, Ռուզան Սոմինեան, Աստղիկ Թէճիրեան, Վարդուկ Վանլեան:
Փառատօնը կը սկսի Շաբաթ կէսօրէն ետք ժամը 1ին (բացման պաշտօնական հանդսիութեամբ) եւ վերջ կը գտնէ Կիրակի երեկոյեան ժամը 7ին: Մուտքը՝ 3 տոլար է: Անցեալ Կիրակի օրուան «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի մէջ զետեղուած են անվճառ մուտքի տոմսեր: