ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Ապրիլ 22ին, տասնեակ հազարաւոր սուրիացիներ անգամ մը եւս բողոքի ցոյցերու մասնակցած են՝ Տարաա նահանգին, Հոմսի, Պանիասի, Լաթաքիոյ, քրտաբնակ շրջաններու եւ Դամասկոսի Տումա շրջանին մէջ, հակառակ նման ցոյցերու չմասնակցելու կառավարութեան ազդարարութեանց:
Կառավարութեան խոստացած բարեկարգումները անբաւարար նկատող ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեանց միջեւ բախումներու ընթացքին սպաննուած են առնուազն 49 անձեր: Ըստ ցուցարարներուն, ոստիկանութիւնը կրակ բացած է ցուցարարներուն վրայ, սակայն կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ ապահովական ուժերուն յստակ ցուցմունք տրուած է ցուցարարներու վրայ կրակ չբանալու, մինչեւ այն ատեն, որ իրենց կեանքը վտանգուած չէ: