
ԵՐԵՒԱՆ.- Բրիտանիոյ խորհրդարանի բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խմբակի անդամ պարոնուհի Շրիլայ Ֆրետըր, Հինգշաբթի, Ապրիլ 21ին, Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն էր»։
Բրիտանահայկական երեսփոխանական խմբակը, որ նոյն խմբակի ղեկավար պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի հետ եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր, այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Բրիտանացի երեսփոխանները շեշտեցած են, որ անոնք ցնցուած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը վկայող ապացոյցերէն, զորս տեսած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ։
«Իբրեւ բրիտանահայկական խմբակի անդամ՝ ես բաւական մանրակիրկիտ կերպով իրազեկ դարձայ Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ ես վատ զգացի, որ այդքան ապացոյցներ կան, սակայն մեր երկիրին կառավարութիւնը դեռ չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը», յայտարարեց Ֆրետըր։
Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, իր կարգին, անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան՝ յայտնեց, թէ «Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը ինծի համար ցաւալի է։ Շատ տխուր է, երբ երկիրի ղեկավարութիւնը կ՛ապրի ճշմարտութիւնը ըսելու վախի մէջ։ Լաւ բան չէ, երբ կը վախնան ճշմարտութիւնը ըսելէ», յայտարարեց Քոքս, աւելցնելով, որ որեւէ ցեղասպանութեան ժխտում եւ անպատժելիութիւն պատճառ կը դառնան նոր ցեղասպանութիւններու։
«Ցեղասպանութեան վէրքերը պիտի չի սպիանան, եթէ չընդունուի Ցեղասպանութիւնը։ Ես որոշ ժամանակ առաջ Թուրքիա գտուած եմ իբրեւ բուժքոյր, եւ այնտեղի պաշտօնակիցները ինծի կ՛ըսէին, թէ իրենք կ՛ուզեն, որ Թուրքիան ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ իրենք չեն կրնար անընդհատ սուտի մէջ ապրիլ։ Սակայն նաեւ դուք տեղեակ էք, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսողները ինչ սուղ գին կը վճարեն», նշեց պարոնուհի Քոքս, յիշեցնելով «Ակօս» օրաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։