
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակի տեղեկատուութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան ընդգրկուած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ: Նախագահ Սարգսեանի հրամանագիրով, լրացում կատարուած է «Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ հաստատելու մասին» հրամանագիրով հաստատուած յաւելուածին մէջ. լրացումին համաձայն, ՀՀ Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավարը ընդրգկուած է խորհուրդի կազմին մէջ: