
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Մէկէ աւելի տասնամեակներ է արդէն, որ աշխարհը կ՛անցնի տագնապէ տագնապ: Տակաւին մէկը չլուծուած՝ կը ներկայանայ յաջորդը: Ապահովականին կը յաջորդէ կամ կ՛ընկերակցի տնտեսականը: Յետոյ ուրիշը: Միջազգայինը: Շրջանայինը: Տեղականը: Ներազգայինը: Մէջընդմէջ՝ ահաբեկչական բազմազոհ գործողութիւնը:
Զգայուն ու մտահոգուող մարդու տեսակին համար զբօսանքի դադար չկայ: Համակարգչային դարաշրջանը յատկանշող արագութիւնը փոխանցուած է եղելութիւններուն: Ժամանակին մրցումը բարձրութեան մրցումն էր, հիմա՝ ոստիւնն ու մրցավազքը: Մեր օրերուն բարձրութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Բոլոր օդանաւերը կը թռչին շուրջ տասը հազար մեթրի վրայ: Ատկէ վերն ու վարը վտանգաւոր են, ինչպէս՝ հազարամեակներ առաջ Իկարոսի առասպելական թռիչքի պարագային:
Իսկ վա՞ղը: Ի՞նչ պիտի պատահի վաղը, մանաւանդ անոնց, որոնք իրենք զիրենք դուրս կը պահեն ներկայ ժամանակներու խաղատեսակէն եւ օրն ի բուն կը տքնին իրենց մանր-մունր զբաղումներով: Մանաւանդ անոնց, որոնք տակաւին չսորված արդի ժամանակներու խաղը, սկսած են մոռնալ նաեւ նախորդը՝ բարձրութեա՛ն խաղը, որ զիրենք հասցուցած էր երկինքները, զիրենք վարերը գտնուողներուն աչքին դարձուցած էր պաշտամունքի առարկայ իրենց մտածումներուն, իրենց վեհութեան, իրենց սխրագործութիւններուն շնորհիւ: Տարվինի տեսութիւնը շատոնց դադրած է տեսութիւն ըլլալէ. ան գիտութեան կողմէ հաստատուած բնութեան անհերքելի օրէնքներէն է. կը վերապրի բնութեան պայմաններուն յարմարուողն ու ամէնէն կարողը: Իսկ բնութեան կը տիրանայ ան, որ պեղած ու գտած է անոր գաղտնիքները, ցանկագրած՝ անոր կարելիութիւնները, ամբարած է գիտութիւն՝ դառնալու համար աւելի ատակ. աւելի ատակ՝ քան միւս բոլոր ատակները:
Տարվինի օրէնքը անշուշտ ի զօրու է անհատներու, բայց նաեւ ու մանաւանդ անհատ տեսակներո՛ւ համար. անհատ հաւաքականութիւններո՛ւ համար: Այսօր չկան հոյամողէզները, չկան մամութները: Չկան նաեւ ազգային ու մշակութային ամբողջութիւններ: Չկան հիթիթները, չկան հիքսոսները, չկան բաբելացիները, չկան հոները: Կան անոնց այլափոխուած եւ ոչ անպայման բարեփոխուած բնախօսական յաջորդները, որոնք որդեգրած են այլ ինքնութիւն մը: Ինքնապահպանման բնազդը տիեզերական ըլլալով հանդերձ կան անհետացածներ, կան նաեւ դիմացողներ: Այսօ՛ր ալ կան մեղկեր, կան պայքարողներ:
Կայ մեզ հետաքրքրող հայկական ամբողջութիւն մը՝ հայրենիքով եւ Սփիւռքով: Մինչեւ ե՞րբ: Այդ տեւողութիւնը կախեալ է անշուշտ արտաքին պայմաններէն, բայց նախ եւ առաջ՝ հայութեան կամքէն, այդ կամքը շօշափելի իրականութիւն պահելու համար ի գործ դրուած միջոցներէն: Կամքի առկայութիւնը առանձին անհրաժեշտ՝ բայց բաւարար չէ շարունակականութիւնը ապահովելու համար, քանի վերապրելու կամքը առկայ եղած է բոլոր ապրող էակներուն մօտ, իսկ այդ էակներէն ոմանք այսօր չկան: Շրջապատի պայմանները անկախ են խնդրոյ առարկայի կամքէն: Կը մնայ ունենալ, մէջտեղ բերել այդ պայմաններուն մէջ վերապրելու համար անհրաժեշտ միջոցները: Այդ միջոցները ձեռք կը բերուին քաղաքական պայքարով, մշակութային արժէքներ պահելով, բայց յատկապէս՝ նոր մշակութային արժէքներ ստեղծելով. տեւապէս. առանց դադարի: Բազմամակարդակ արժէքներ, որովհետեւ հարկաւոր է զարգացնել թէ՛ թիւ, թէ մանաւանդ՝ որակ: Այսօրուան զէնքը որակն է, որ (միշտ այդպէս եղած է) հաւանականութեան ուսողական օրէնքներով կը յառաջանայ թիւէն:
Երբ չկայ թիւը (եւ առայժմ չունինք), պէտք է արուեստական միջոցներով աւելցնել որակի խտութիւնը հաւաքականութեան մէջ: Հետեւաբար մեզի պիտանի միջոցները բարձրացնո՛ղ միջոցներն են, անցեալի գաղափարակա՛ն միջոցներն են, օժտուած՝ արդիական գործնական առարկայական միջոցներով:
Որպէսզի կարելի ըլլայ հաշտեցնել հայութեան ֆիզիքական աննպաստ տարածութիւնը ժամանակի տարածութեան հետ. կարելիութիւնը ստեղծելու համար ըլլալու ամէն տեղ եւ միշտ: Որպէսզի ըլլանք նաեւ ապագայի՛ մէջ, ինչպէս էինք անցեալին եւ կանք ներկայիս: