
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան եւ Ժամանակակից լրագրողներու միութեան կողմէ հրատարակուած 20րդ դարասկիզբէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ սպաննուած լրագրողներու ցուցակէն կը բացակային 1915 Ապրիլ 24ին սպաննուած բազմաթիւ հայ գրողներու, լրագրողներու եւ խմբագիրներու անունները:
Այս մասին, ըստ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն, յայտարարուած է Պոսլոյ մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ նուիրուած էր 1915ի ջարդերուն սպաննուած հայ լրագրողներուն:
Ասուլիսի մասնակիցներուն համաձայն, թրքական հասարակութիւնը կը մնայ անտեղեակ՝ կարծելով, որ Թուրքիոյ մէջ միայն մէկ հայ լրագրող սպաննուած է՝ «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքը:
Սոյն մամլոյ ասուլիսին մասնակցած են «Ակօս» թերթի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ, թուրք լրագրողներ Ալի Պայրամօղլու, Պիւլենթ Թելլան եւ գրող-հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօղլու:
Լ. Քոփթաշ յիշեցուցած է, թէ 2010ին Պ. Թելլան պատրաստած է «Արիւնոտ գրաքննութիւն» կոչուած զեկոյցը, որուն մէջ նշուած են 1915ին սպաննուած՝ ծագումով հայ 22 եւ ոչ մահմետական 10 լրագրողներու անուններ: Զեկոյցը ներկայացուած է Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան կողմէ յայտարարուած մրցոյթին: Թէեւ անիկա արժանացած է մրցոյթի դատակազմի ուշադրութեան, սակայն այդ լրագրողներուն անունները չեն աւելցուած միութեան կողմէ ամէն տարի Ապրիլ 6ին հրապարակուող՝ սպաննուած լրագրողներու ցուցակին:
Այդուհանդերձ, Թուրքիոյ Ժամանակակից լրագրողներու միութիւնը, 2011 Փետրուարին հրապարակած իր ցուցակին մէջ ընդգրկած է 1915ին սպաննուած ինը հայ գրողներու եւ լրագրողներու անունները (Գրիգոր Զոհրապ, Երուանդ Սրմաքեշխանլեան, Ատոմ Եարճանեան, Յովհաննէս Յարութիւնեան, Ռուբէն Սեւակ, Ռուբէն Զարդարեան, Արմէն Դորեան, Լեւոն Լարենց, Դանիէլ Վարուժան):
Ռ. Զարաքօղլու, իր կարգին նշած է, թէ հայերը զգալի աւանդ ներդրած են օսմանեան լրագրութեան եւ գրատպութեան զարգացման գործին մէջ, եւ աւելցուցած է, թէ Թուրքիոյ լրագրողներու միութենէն պահանջած է նահատակ հայ լրագրողներուն անունները ներառել համապատասխան ցանկի մէջ ու անոնց համար տեղ յատկացնել նաեւ Թուրքիոյ մամլոյ թանգարանին մէջ: