ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 21ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Ունալ յայտարարեց, թէ Անգարա Հայկական Ցեղասպանութեան մասին նախագահ Պարաք Օպամայի յայտարարութեան նախօրեակին ամերիկացի պաշտօնատարներուն փոխանցած է, թէ «արդար» մօտեցում մը կ՛ակնկալէ այս հարցին, միաժամանակ ազդարարելով, թէ նման «պատմական տագնապի մը» շուրջ որոշումները կրնան «հարցեր ստեղծել»:
Նախընտրական օրերուն Ցեղասպանութեան ճանաչումը խոստացած Օպաման, 2010ի իր յայտարարութեան մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը չէր գործածած:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է Զուիցերիոյ իշխանութեանց, որ վերատեսութեան ենթարկէ Ժընեւի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը հաստատելու որոշումը: