
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ կառավարութիւնը Երեքշաբթի, Ապրիլ 19ի երեկոյեան վաւերացուց 48 տարիներէ ի վեր ի զօրու մնացող արտակարգ դրութիւնը վերացնելու որոշումը, որ Շաբաթ օր առաջադրուած էր նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ:
Սակայն, ընդդիմութեան աղբիւրները անմիջապէս յայտարարեցին, թէ ցոյցերը պիտի շարունակեն՝ անբաւարար նկատելով այս քայլը: Նոյն օրը, ապահովական ուժեր ցրուեցին Հոմսի մէջ մէկ օր առաջ սկսած նստացոյցը՝ սպաննելով առնուազն ցուցարար մը: Ըստ ականատեսներու կողմէ «Ճազիրա»ին փոխանցուած լուրերուն, սպաննուած են 6 ցուցարարներ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ վերջին դէպքերուն ընթացքը բացայայտած է, թէ սուրիական մէկէ աւելի նահանգներու մէջ տեղի ունեցածները սալաֆական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ զինեալ ապստամբութիւն մըն է, մասնաւորաբար Հոմս եւ Պանիաս քաղաքներուն մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, թէ այդ զինեալ խմբաւորումներուն ահաբեկչական գործունէութեան նկատմամբ խիստ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերէ՝ միաժամանակ ազդարարելով քաղաքացիները, որ չմասնակցին ապօրինի ցոյցերու: Ըստ նախարարութեան, քաղաքական ցոյցեր կազմակերպելու համար պէ՛տք է պետական արտօնութիւն ստանալ: