
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Մարդ արարածը իսկապէս շատ կարճ յիշողութիւն ունի:
Ինչ շուտ մոռցանք «Տաշիր-2011» մրցանակաբաշխութեան շուրջ ստեղծուած աղմուկը, երբ Սամուէլ Կարապետեանի որոշ երգիչներու բնակարաններ նուիրելու քայլը վրդովեցուցած էր ամբողջ հասարակութիւնը:
Այսօր ոչ մէկ բառ կը գրուի այս մասին. Տաշիր 2011ը փոթորիկի նման եկաւ եւ անցաւ, առանց հետք ձգելու:
Ինչ մեղքս պահեմ, միամտօրէն այդ օրերուն յոյսի նման բան մը ծնաւ մէջս, որ ահա այս պոռթկումը առիթ կը դառնայ խօսելու մեր հասաարակութեան ամէնէն ցաւոտ խնդիրներէն մէկուն մասին:
Արուեստը պահելու չպահելու մասին չէ խօսքս. Հայ արուեստը բարձրացնելու, կենդանի պահելու գործը մեր բոլորինն է: Խօսք չունիմ նաեւ հետաքրքրական նուէրներուն մասին. ուրիշ բառ չեմ գտներ, որովհետեւ մեր արուեստագէտներուն շռայլուած նուէրները այլ միջավայրերու մէջ կը համարուին ուղղակի կաշառք:
Նաեւ չեմ ուզեր վիճիլ մեր արուեստագէտներու նուէրի արժանի ըլլալու կամ չըլլալու մասին: Ընդհակառակը, կ՛ուզեմ հաւատալ, որ անոնք արժանի են շատ աւելիին՝ հասարակութեան գնահատանքին:
Սակայն ինձ կը թուի որ բարոյական մառախուղի մէջ կորսուած է այս վերնախաւը, մեր հասարակութեան այսպէս ըսուած էլիտան: Մտահոգիչը այն է որ բարոյական այդ մշուշը աննախադէպօրէն թաւ է մեր երկնակամարի վրայ. սա նման է այն պահուն երբ մարդ յանկարծ կ՛արթննայ խոր քունէն եւ չի կրնար կողմնորոշուիլ թէ ուր է, չի գիտեր թէ կը թռչի կապոյտ երքնքի կամարին կամ կը սողայ ցեխերուն մէջ:
Այլապէս ինչպէս կարելի է բացատրել մեր երգիչներուն հակազդեցութիւնը, ինքնապաշտպանութիւնը, եւ որոշ չափով իրենք զիրենք հասարակ մահկանացուներէս վեր դասելու ինքնավստահութիւնը: Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ կը դժգոհէր , որ ժողովուրդը «հարամ է անում» իրենց ուրախութիւնը:
Այս բոլոր իրարանցումը զուարճալիի սահմաներուն մէջ կ՛ուզէի տեղադրել եւ մոռնալ, բայց երբ կարդացի հետեւեալը խօսքերը՝ «Մեղաւորը իմ կարծիքով նուէրները տուողներն են, Ջիւան Գասպարեանի ասած թագաւոր տղերքը ովքեր չգիտեն որ իսկապէս մի բնակարանի կամ աւտոմեքենայի արժէքով կարելի կը լինէր օրահացի կարօտ տասնեակ թշուառների օգնել:»
Այս հայ մարդու շատ պարզ խօսքերը մեր կամքէն անկախ փաստօրէն մեր առջեւ դրաւ շատ լուրջ խնդիր մը՝ հասարակութեան մէջ «սօլիտարիթէ»ի- համերաշխութեան խնդիրը: Աւելի ճիշդ համերաշխութեան չգոյութեան խնդիրը:
Շարունակելէ առաջ խոստովանիմ որ համերաշխութիւն եզրը այսօր հայկական միջավայրին մէջ հայհոյանքի նման բան մըն է, հիւծուած բառ, անիմաստ բառ, նոյնքան անիմաստ որքան ինքը արդարութիւն բառը:
Սակայն քանի մը տողով նշեմ որ ինծի համար ի՞նչ կը նշանակէ հասարակական համերաշխութիւն:
Համերաշխութիւնը տուեալ հասարակութեան մը integration-ի (համարկման-Խմբ.) որակի ու աստիճանի մասին վկայող չափանիշ է: Ան կը վկայէ մարդոց միջեւ առկայ այն կապերուն մասին, որոնք մեր հասարակութիւնը կը միաւորեն, կը հանգուցեն: Այս հենքի վրայ կը ձեւաւորուի համաենթակայութեան եւ համերաշխութեան հոգեբանութիւնը:
Զիջումներն ու ենթակայութիւնը այստեղ կը հիմնուին ոչ թէ անձերու կամ հասարակութեան զոհաբերական ծառայութեան վրայ, այլ այն գիտակցութեան վրայ, որ անձնական շահերու ենթակայութիւնը ընդհանուրին՝ կը ծառայէ միայն հասարակական օգտին:
Սակայն հասարակական համերաշխութիւնը ունի իր տարատեսակները, որոնք ուղղակի կապուած են հասարակութեան տեսակին հետ: Արդի հասարակական համերշխութիւնը իր բնոյթով օրգանական է, այսինքն ծնունդ է մարդոց միջեւ այն իրարակախուածութեան, որ կ՛առաջանայ աշխատանքի մասնագիտացումով. մարդկիկ զիրար կը լրացնեն:
Համերաշխութիւնը փոխադարձ կապակցուածութեան եւ համամարդկային ընդհանուր արժէքներու, ընդհանուր գաղափարներու շուրջ համախմբուած մարդկանց փոխադարձ օգնութեան գիտակցումն է: Մէկ խօսքով համերաշխութիւնը իւրաքանչիւրի պատասխանատու վերաբերմունքն է իւրաքանչիւրի նկատմամբ:
Ահա այս խնդիրներու՝ համերաշխ հասարակութեան եւ արդար կարգերու չգոյութեան գիտակցումը մտաւ իւրաքանչիւր հայ մարդու տուն: Տաշիր- 2011ի «շոն» մերկացուց մեր հասարակութեան թերիներուն գլխաւորը:
Այդ համերաշխութեան բացակայութիւնը դանդաղ բայց վստահ մեր հասարակութիւնը կը տանի դէպի բեւեռացում. Ոչ ոք չուզեր նոյնիսկ մէկ սանթիմեթր զիջիլ, որպէսզի զարգանայ եւ կայանայ հաւաքական մեր կեանքը:
Համերաշխութիւնը չի գործեր մեր երկրին մէջ, քանի որ բացակայ է հիմնական մէկ այլ բան՝ ընկերային-սոցիալական արդարութիւնը:
Այս հրապարակային քննարկումներու ընթացքին լսուեցան նաեւ առողջ ձայներ: Նուիրաբաշխութիւնը քննադատողներու հակազդեցութիւնը նաեւ վկայեց այն մասին, որ նոյնիսկ խիստ բեւեռացած մեր հասարակութեան մէջ որոշ բարոյական արժէքներ կարելի չէ շրջանցել, կան արժէքներ, որոնք կարելի չէ ոտնակոխել: Շատերու համար, ընկերային կամ սոցիալական արդարութիւն գաղափարները վիճելի հասկացողութիւններ են, եւ ասիկա իրականութիւն է ե՛ւ հասարակ քաղաքացիին պարագային, եւ քաղաքականութեամբ կամ փիլիսոփայութեամբ զբաղուող մասնագէտներու համար:
Եւ այնքան ատեն որ ո՛չ Աստուած եւ ո՛չ ալ մայր բնութիւնը արդարութիւն չեն ճանչնար, քանի որ չկայ նաեւ բոլորին համար ընդունելի ընկերային արդարութեան առարկայական որեւէ մէկ սահմանում, արդի մարդուն կը մնայ միայն մէկ այլընտրանք. արդարութեան գաղափարին ենթակայական սահմանում տալու փոխարէն կեդրոնանալ արդար հաստատութիւններու եւ արդար գործընթացքներու ստեղծման վրայ եւ լծուիլ այդ հաստատութիւնները զարգացնելու գործը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու խնդիրին:
Այստեղ, կրնայ ըլլալ, որ անարդարօրէն կը պարզեցնեմ խնդիրը. իհարկէ արդարութեան մասին բանավէճերն ու քննարկումները պէտք է ընթանան բանական, ժողովրդավարական ձեւով, եւ զարգանան հանրային թափանցիկ discourse-ի վրայ:
Իսկ միթէ կարիք կա՞յ սահմանելու եւ քննարկելու, թէ ի՛նչ է արդարութիւնը:
Արդարութեան շուրջ մեր բանավէճերու նպատակը պիտի ըլլայ մեր իսկ կողմէ մշակուած հասարակական կանոններու շարք մը եւ հաստատութիւններու շարք մը, որոնք ոչ միայն կը միտին անարդարութեան վերացման, այլեւ հասարակ քաղաքացիին կ՛ապահովեն հաւասար պատեհութիւններ եւ իրական հնարաւորութիւններ: Միայն այդ պարագային ընդունելի կրնան ըլլալ որոշ անհաւասարութիւններ, կրնայ արդար համարուիլ նաեւ արդիւնքներու մէջ անհաւասարութիւնը, անարդար ելքը:
Հաւասար պատեհութեան կամ հաւասար հնարաւորութիւններու գաղափարը կրնայ առաջին հայեացքով լիպերալ (ազատական-Խմբ.) թուիլ: Սակայն լուրջի առնելու համար անհրաժեշտ են համապարփակ քաղաքական նախաձեռնութիւններ՝ շարունակ սրբագրելու համար շուկայական տնտեսութեան ծնունդ անարդարութիւնները:
Այստեղ կը յառաջանան խրթին հարցեր, օրինակի համար. բոլորս գիտենք, որ յաջողութեան հասնելու համար բաւարար չեն մարդու վաստակն ու արժանիքերը, այլ շատ աւելի մեծ նշանակութիւն եւ դեր ունին անհատի ենթահողը, ծծնդավայրը, ընտանիքը, դասակարգը, կին կամ տղամարդ ըլլալը բոլորս ալ գիտենք որ միջին դասակարգի ծնունդ երեխան շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ունի համալսարան մտնելու քան աղքատ ընտանիքի երեխան, աղքատութեան մէջ մեծցող տղու քրէական յանցանքով բանտ մտնելու հաւանակութիւնը 100 տոկոս աւելի է: Տաղանդի զարգացման հնարաւորութիւնները տարբեր են նայած երեխայի ապրած բնակավայրին՝ Երեւան կամ Վանաձոր: Եւ, ինչպէս ըսի, ոչ նախախնամութիւնը եւ ոչ ալ բնութիւնը կրնան այս անարդարութիւնները հարթել:
Վերջերս ձեռքս անցաւ զեկոյց մը, որ կրէ «Աղքատներու ձայնը» խորագիրը: Այս փաստաթուղթը պատրաստուած է Հայաստանի Աղքատութեան յաղթահարման ռազմավարական ծրագրի վերանայման համար: Այս զեկոյցը իւրայատուկ է անոր համար, որ այնտեղ կը հնչեն աղքատ մարդոց կարծիքները, վերլուծումները եւ տեսակէտները՝ նոյն ինքն աղքատութեան մասին:
Այս զեկոյցը պէտք է դառնայ մեր ազգային առաջնահերթութիւններու սահմանման եւ ընկերային քաղաքականութեան մշակման հիմք:
Այդ զեկոյցը հետաքրքրական է նաեւ մէկ այլ կարեւոր բացայայտումին համար:
Այնտեղ կան աղքատութեան սահմանման դասական եւ ոչ դասական չափորոշիչներ: Մարդիկ շատ ամբողջական եւ համապարփակ չափորոշիչներով կը բնութագրեն աղքատութիւնը: Այնտեղ կան նաեւ չափանիշներ, որոնք ոչ ոք չէ լսած նախապէս:
Ահա թէ ինչը հայ մարդուն համար համազօր է աղքատութեան.
– Անզօրութիւն բնութեան դաժանութիւններու դէմ.
– Ձայնազրկութիւն՝ քաղաքական գործընթացկներուն մէջ ձայն չունենալը.
– Իրաւազրկութիւն.
– Անապահովութեան զգացում.
– Մարդու իրաւունքներու խախտում.
– Խոցելիութիւն.
– Առանց հանգիստի աշխատելու պարտաւորութիւն.
– Աշխատանքի դիմաց վճարում չստանալու պարագաներ.
– Թոշակներ եւ նպաստներ ստանալու իրաւունք չունենալը.
– Թաղման կամ հարսանիքի մասնակցելու անկարողութիւն.
– Ուսանող պահելու անկարողութիւն.
– Սնունդի աղքատութիւն.
– Եկամուտներու եւ ծախսերու անհաւասարակշռութիւն.
– Լուացուելու հնարաւորութեան չգոյութիւն.
– Գործազրկութիւն.
– Տնազրկութիւն.
– Հողազրկութիւն.
Հասարակական համերաշխութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ այս անարդարութիւնները չհանդուրժելու մթնոլորտի ստեղծման: Կը ճշդէ այն արժէքները, որոնք կ՛ապահովեն հասարակութեան շարունակականութիւնը:
Բարոյապէս ընդունելի ըլլալու համար, երկրի ժողովրադավարական հիմնարկութիւնները պարտաւոր են քաղաքացիներուն հետ վարուիլ արդար:
Արդարութիւնը սերտօրէն կ՛առնչուի հաւասարութեան, եւ հետեւաբար, նաեւ անհաւասարութեան հետ: Մեր առաջնահերթ խնդիրն է լուծել անհաւասարութիւնները բան մը, որ իր կարգին կը պահանջէ սոցիալական արդարութիւն խթանող եւ անհաւասարութիւնները զսպող հիմնարկութիւններու մշակում /դիզայնաւորում:
Ընկերային ապահովութեան ցանց, սնանկութեան դէմ պաշտպանուելու օրէնքներ, պետական միջոցներ բոլոր երեխաներուն բարձրագոյն ուսման հնարաւորութիւն ապահովող, եկամուտի, հարստութեան եւ ժառանգութեան progreesive (ըստ հարստութեան չափի-Խմբ.) հարկային դրութիւն՝ զսպելու համար հարստութեան եւ եկամուտի կեդրոնացումը, անհաւասարութիւնը զսպող մեքանիզմներու ստեղծումով կարելի է իրագործել արդար սոցիալական կարգեր:
Աւարտելով՝ ձեզ հետ կը բաժնեմ փոքրիկ գաղտնիք մը:
Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, Տաշիր 2012 ծրագրի հովանաւորներու որոշումով 500 բնակարաններ պիտի նուիրաբաշխուին մեր երկրի ամէնէն խոստմնալի գիտնականներուն, որպէսզի այս վերջինները մերժեն շարք մը եւրոպական հաստատութիւններու գայթակղեցուցիչ առաջարկները:
Հնարաւո՞ր է: Թէ՝ միայն իմ մտքի եւ երեւակայութեան արգասիքը:
Պէտք է ստուգեմ արդէօք ո՞ւր կարդացի այդ լուրը:
Հեղինակին հետ կապուելու համար գրել հետեւեալ հասցէին
Suzanne.khardalian@comhem.se