
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի հետ կայացած զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով մամուլին մէջ տեղ գտած իր մասին հրապարակումներուն՝ ըսաւ, թէ լուրջ չի վերաբերիր անոնց:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանեան մամուլով, անցեալ շաբաթներուն տեղեկութիւններ տարածուած էին այն մասին, թէ արքեպիսկոպոսը իր սանիկէն նուէր ստացած է թանկարժէք ինքնաշարժ՝ «Պենթլի» մը, եւ թէ Հայաստանի վարչապետը, իբրեւ պարգեւ՝ զէնք նուիրած է անոր:
Պատասխանելով զէնքի վերաբերեալ հարցումի մը՝ Կճոյեան նշեց, թէ «Զէնքով, բոլոր երկրներում պարգեւատրում են նրանց, ում գնահատում են: Զէնքը գնահատանք է, ուրիշ նպատակի համար չէ»:
Իսկ «Պենթլի»ի մասին խօսելով՝ ան ըսաւ. «Նուէրից հրաժարուե՞մ, ի՞նչ անեմ»:
Արդարեւ, Մարտի սկիզբը, հայաստանեան որոշ թերթեր եւ լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, թէ Կճոյեան կը պտտի «Պենթլի»ով, որուն շուկայական միջին գինը Երեւանի մէջ կը տատանի 180-200 հազար տոլարի սահմաններուն մէջ: «168 ժամ» թերթին համաձայն, Կճոյեան ըսած է, թէ «Պենթլի»ն նուէր ստացած էր իր սանիկէն՝ Կիրակոս Պետրոսեանէն: «Իմ սանիկներից մէկը իմ «Մերսետես»ը վերցրել է եւ տեղը «Պենթլի» է տուել», «168 ժամ»ին յայտնած էր Կճոյեան:
Իսկ Մարտի վերջաւորութեան, «Հետք» պարբերականը տեղեկութիւն հրապարակեց այն մասին, թէ սրբազանը Հայաստանի վարչապետէն զէնք ստացած է իբրեւ պարգեւ: Ըստ «Հետք»ին, Արարատեան հայրապետական թեմի մամլոյ դիւանը նախ ժխտած էր զէնք նուէր ստանալուն իրողութիւնը, բայց հետագային գրաւոր պատասխանով հաստատած էր, թէ «սրբազանը պարգեւատրուել է ատրճանակով, որը պահւում է չհրկիզուող պահարանում»: