
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Դատական ակտերու հարկադիր կատարման ծառայութեան որոշումով, «Երկիր» օրաթերթին գոյքը արգելափակուած է եւ հետախուզում յայտարարուած է:
Արգելանքը դրուած է ԱԺ պատգամաւոր, գինի եւ քոնեաք արտադրող «Կրէյթ Վելի» ընկերութեան սեփականատէր Տիգրան Արզաքանցեանի դատական հայցին հիմքով: Արդարեւ, Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան ներկայացուցած հայցով, պատգամաւորը թերթէն կը պահանջէ աւելի քան երեք միլիոն դրամ՝ պատգամաւորին պատիւը արատաւորած ըլլալուն համար: Արզաքանցեանի համոզումով, թերթը «131 դէմք ու դիմակ» խորագիրով յօդուածին մէջ վիրաւորական արտայայտութիւններ ըրած էր իր հասցէին:
Նշենք, որ այդ յօդուածին մէջ Արզաքանցեանի տրուած է «ստիլիագա», «գաւառաբարբառով խօսող», «ինքնաթիռով գեղեցկուհիներ տանող-բերող», «շարունակ ծեծ ուտելու սովորութիւն ունեցող» մակդիրները: Յօդուածին մէջ մէջբերուած են նաեւ նախկին վարչապետ, Երեւանի քոնեաքի գործարանի նախկին փոխտնօրէն Հրանդ Բագրատեանի հետեւեալ խօսքերը. «Այդ լակոտը իր արտադրած քոնեաքով խայտառակում է Հայաստանը Ռուսաստանում»:
«Երկիր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Եսայեանի հետ Ապրիլ 6ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին պարզուեցաւ, որ գոյքը արգելափակման նման քայլերով, ազատ խօսքի իրաւունքը սահմանափակելու փորձ կը կատարուի:
«Հարցն այն է, թէ ի՞նչ տիպի հասարակութիւն ենք մենք ուզում: Եթէ ուզում ենք ճահճացող հասարակութիւն, որում ոչ մի բան չի կատարւում, կարելի է գնալ այդ ճանապարհով: Բայց եթէ ինքնամաքրման համակարգ ենք ուզում, էդ դէպքում, էդ օլիկարխները, հասարակական գործիչները պէտք է մի քիչ հանդուրժող լինեն», նշեց ան:
Բագրատ Եսայեանի խօսքով, թերթերու էջերէն չյայտնուելու համար, հասարակական գործիչները պէտք է զգոյշ ըլլան իրենց պահուածքին եւ ոչ թէ թերթերը դատի տալով՝ փորձեն հասարակութեան բերանը փակել:
«Հասարակութիւնն ամէն ինչ տեսնում է, թերթը հասարակութեան հայելին է: Պէտք է ո՛չ թէ հայելին կոտրել, այլ լուացուել, սանրուել եւ տեսքը կարգի բերել: Ես նման մարդկանց խորհուրդ եմ տալիս կարդալ ծուռ հայելիների թագաւորութեան մասին հեքիաթը», ընդգծեց «Երկիր» թերթի խմբագիրը:
Յիեցնենք, որ քանի մը օր առաջ, Ռոպերթ Քոչարեանի դատական հայցի հիման վրայ, արգելանք դրուած էր նաեւ «Հրապարակ» օրաթերթի դրամատնային հաշիւներուն վրայ: