
Սրտապնդիչ եւ հպարտալի երեւոյթ էր տեսնել աւելի քան երեսուն պարման-պարմանուհիներ՝ հաւաքուած ՀԲԸՄի Փասատինայի «Մանուկեան» մշակութային համալիրին մէջ. անոնք եկած էին մասնակցելու ՀԲԸՄի Երուանդ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկի Մարտ ամսուան ծրագիրին։ Բոլորն ալ ուրախ, խանդավառ եւ բարձր տրամադրութեամբ, անձկանօք կը սպասէին մասնակցելու օրուան յայտագիրին։ Ազգանուիրումը մէկն է միայն «Պապայեան» հիմնարկի տասը ծրագիրներէն։ Իր տեսակին մէջ եզակի այս ծրագիրին առաքելութիւնն է՝ սատարել ազգապահպանումի եւ ազգակերտումի նուիրական աշխատանքներուն՝ պատրաստելով տիպար ամերիկացի քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ գիտակից եւ իրենց հայութեամբ հպարտ եւ օրինակելի երիտասարդներ։ Հիմնարկի փորձառու մանկավարժները մշակած են յատուկ ծրագիր մը, որուն միջոցաւ պատանիները կը սորվին ծառայել եւ նուիրուիլ՝ իրենց կարողութիւնները ի սպաս դնելով իրենց միջավայրին եւ ժողովուրդին, դառնալու համար ապագայ ղեկավարներ:
Դոկտ. Սիլվա Գարայեան, «Պապայեան» հիմնարկի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց, թէ Ազգանուիրում ծրագիրին նպատակն է արժանաւոր պատանիներ հրաւիրել եւ անոնց մէջ զարգացնել մարդկային առաքինութիւնները, զօրացնել ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ անոնց մէջ ամրապնդել հայ ըլլալու հպարտութիւնը։ Հիմնարկի ղեկավարները կը գիտակցին, թէ այս նպատակը յաջողցնելու համար անհրաժեշտ է նախ լաւապէս ծանօթանալ ծրագիրին մասնակցողներուն, երեւան հանել անոնց ձիրքերն ու կարողութիւնները, քաջալերելու համար զանոնք, որ յարմար առիթներ ստեղծելով զարգացնեն իրենց կարողութիւնները։ Հիմնարկին գործընթացը կ՛ընդգրկէ նորարար միջոցներ եւ մանկավարժական արդի միջոցառումներ: Դոկտ. Գարայեան յայտագիրի գործադրութեան սկսաւ 3 հետաքրքրական գործունէութիւններով։ Նախ ան կլոր սեղաններու շուրջ տեղ գրաւած աշակերտները հրաւիրեց, որ ներկայացնեն իրենք զիրենք՝ մատնանշելով իրենց ձիրքերը, նախասիրութիւններն ու կարողութիւնները։ Այս միջոցաւ ներկաները աւելի լաւ ճանչցան զիրար եւ երեւան եկաւ, որ այս խումբին մէջ զանազան կարողութիւններով եւ ձիրքերով օժտուած անդամներ կան:
Երկրորդ գործունէութեան նպատակն էր աշակերտներուն մտահորիզոնը ընդարձակել եւ ընդհանուր զարգացումը ճոխացնել, հետաքրքրական ծանօթութիւններով եւ օգտակար գիտելիքներով։ Դոկտ. Գարայեան ներկաները հրաւիրեց «եթերային շրջապտոյտ»ի մը մասնակցիլ՝ այցելելու համար աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ գտնուող նշանաւոր յուշարձանները։ Անշուշտ այս «շրջապտոյտ»ը կարելի դարձաւ համացանցի միջոցաւ, գունաւոր եւ տպաւորիչ նկարներով եւ գեղեցիկ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ «Շրջապտոյտ»ին վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ Եգիպտոսը, ուր աշակերտները հանդիպեցան նշանաւոր երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանին եւ ծանօթացան անոր պատրաստած հայկական ժողովրդական ասացուածքներու երգիծանկարներուն, որոնք ցուցադրուեցան պաստառի վրայ։ Շատ ուսանելի եւ զուարճալի էր այս փորձառութիւնը աշակերտներուն համար, որովհետեւ ինքնատիպ երգիծանկարներու միջոցաւ անոնք ծանօթացան հայկական ժողովրդական ասացուածքներու, ինչպէս նաեւ երգիծանկարչութեան արուեստին։
Երրորդ գործունէութեան նպատակն էր՝ բարոյական կարեւոր սկզբունքներ եւ նկարագիրի դրական եւ փափաքելի գիծեր ներկայացնել ներկաներուն, շարժուն նկարներու եւ խօսքերու միջոցաւ։ Իւրաքանչիւր սահիկի հետ ներկաներուն առիթ կը տրուէր, որ գտնէին պաստառին վրայ երեւցող հարցերուն պատասխանները։ Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան պատասխանները որոնելու աշխատանքին, փոխանակ կրաւորական կերպով ընկալելու բանախօսի մը խրատները։
Յայտագիրին երկրորդ բաժինը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր ազգային ինքնութեան գաղափարին, վարեց հայագիտական նիւթերու վաստակաւոր ուսուցչուհի Լորա Գույումճեանը։ Առաջին առիթով, ան հրաւիրեց խումբ մը պատանի դերասաններ, որոնք նախորդ շաբթուան ընթացքին դերեր ստանձնած էին Ժագ Յակոբեանի «Կռունկը Կը Կանչէ» գործի ներկայացման մէջ, (պատրաստուած եւ ներկայացուած ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի հայերէնի ընտրովի դասարանին կողմէ), ղեկավարութեամբ Լորա Գույումճեանի։ Աշակերտները խանդավառութեամբ խօսեցան իրենց հետաքրքրական փորձառութեան մասին եւ բոլորին հետ բաժնեցին իրենց միտքերը։ Ապա, Գույումճեան հարց-պատասխանի միջոցաւ ջերմ եւ յստակ կերպով բացատրեց մեր ազգային ինքնութիւնը կազմող երեւոյթները ու աշակերտները մղեց մտածելու այն բոլոր տուեալներուն մասին, որոնք որպէս նոյն ժողովուրդի անդամներ կը միացնեն մեզ իրարու կամ կը բաժնեն մեզ այլ ժողովուրդներէ։ Ան յառաջիկայ հանդիպումներուն աւելի խոր քննարկումի պիտի ենթարկէ այս տուեալները:
Ազգանուիրումի Մարտ ամսուան հանդիպումը իր լրումին հասաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Սակայն, աւելի եւս ամրապնդելու համար օրուան խորհրդածութիւնները աշակերտութեան միտքին մէջ, տեսաերիզով ցուցադրուեցաւ Ուիլեըմ Սարոյեանի նկարազարդուած «Հայը» գրութիւնը՝ անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով ու ներշնչող երաժշտութեամբ։
Աշակերտները բաժնուեցան կրկին տեսնուելու խոստումով, համոզուած, թէ կարելի է հաճելին եւ օգտակարը միացնել ու հայագիտական նիւթերը սորվիլ հաճելի միջոցներով: Յաջորդ հերթական հանդիպումը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ Ս. Զատիկի խորհուրդին եւ աւանդութիւններուն, տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 9ին, նոյն համալիրին մէջ։
(Թղթակցութիւնը՝ ՀԲԸՄի Երուանդ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկէն)