ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 19ին կայանալիք քաղաքի ընտրութիւններուն որոշած է նեցուկ կանգնիլ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան թեկնածուներէն երկուքին՝ Ճիլ Ֆասըլմենի ու Թամ Սելինսքիի:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէ Պեզճեան կը յայտնէ, թէ քաղաքին տարբեր բաժանմունքներուն մէջ աշխատած Ֆասըլմեն արդէն իսկ փաստած է, թէ կարող է այս պարտականութիւնը ստանձնել, աւելցնելով, թէ ան խոստացած է մօտէն աշխատիլ քաղաքի հայութեան հետ:
Պեզճեան կը նշէ, թէ Սելինսքի, որ ներկայիս անդամ է վարչութեան, նմանապէս ցոյց տուած է, թէ կարող է վարժարաններու եւ աշակերտութեան վիճակը բարելաւելու: Ան նմանապէս մօտէն կը գործակցի քաղաքի հայ համայնքին հետ: