
Հայաստանի մէջ ՀԵԴի ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցութեան համար դիմումներուն ժամկէտը Ապրիլ 15ն է: Պայման չէ, որ մասնակիցները ՀԵԴի անդամներ ըլլան:
Կառավարական, առողջապահութեան, երեխաներու սպասարկութեանց, տեղեկատուական ծառայութեան ու այլ ոլորտներէ ներս վարժողական ծրագիրներու առիթ-ներուն կողքին, ծրագիրին մասնակցիները առիթը պիտի ունենան այցելելու Հայաստանի տեսարժան վայրերը:
Սոյն ծրագիրին մասնակցելու համար, դիմել ce@ayf.org հասցէին կամ այցելել AYF.org կայքի «Summer Opportunities» բաժինի «Internship in Armenia» կայքէջը: