ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան, Ապրիլ 16-17ին տեղի պիտի ունենայ տարեկան երկրորդ «Վերապրողներու քայլարշաւ»ը, որուն նպատակն է նոր սերունդին աւելի մօտէն ծանօթացնել Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, միաժամանակ դրամահաւաք կատարել Հայաստանի Տաւուշ շրջանի երիտասարդական կեդրոնը նորոգելու համար:
Մասնակիցները Շաբաթ, Ապրիլ 16ին, 15 մղոն պիտի քալեն անապատի մէջ ու հոն գիշերելէ ետք, Կիրակի օր պիտի վերադառնան՝ ներկայ ըլլալու Ծաղկազարդի արարողութեան: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.survivorswalk.com կայքը: