
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Ապրիլ 1ին ընդունած է Ռուսիոյ զինուած ուժերու ցամաքային զօրքերու գլխաւոր հրամանատար, գնդապետ Ալեքսանդր Փոսթնիքով:
Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան առնչուող հարցեր: