
ՆՈՐ ԱՅՆԹԱՊ, «Երկիր».- Արարատ Մարզի Այնթապ գիւղին մէջ, Ապրիլ 1ին, ամէն տարուան նման նշուեցաւ Այնթապի հերոսամարտի օրը։ Յիշատակի ոգեկոչումը իրականացաւ Արամ եւ Յասմիկ Գարամանուկեաններու անուան թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին մէջ, լիբանանահայ ազգային գործիչ, մտաւորական ու երաժիշտ Գէորգ Գանտահարեանի անուան հանդիսութիւններու սրահէն ներս։
Նշենք, որ 1920ի Ապրիլ 1ին, Արեւմտահայաստանի Այնթապ նահանգի շուկաներէն մէկուն մէջ, թուրքերը յանկարծակիօրէն յարձակեցան հայերուն վրայ։ Ինքնապաշտպանական քայլերու շնորհիւ, փրկուած այնթապցի հայերուն ժառանգորդները ամէն տարի կը հաւաքուին՝ նշելու համար հերոսամարտի օրը։
Նաթան Ալլուկեան լրագրողներուն պատմեց, թէ իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը եղած են բնիկ այնթապցիներ, սակայն 1920ի ջարդէն ետք մեկնած են Սուրիա, իսկ ներգաղթին՝ հաստատուած Արեւելեան Հայաստան։
«Ես հօրս հետ 2006ին վերադարձայ Այնթապ, իսկ տատիկս չուզեց վերադառնալ, քանի որ յուշերը թարմ էին եւ դառը: Մէկ ամիս առաջ էլ Այնթապում էի եւ տեսայ, թէ ինչպէս են մեր բոլոր եկեղեցիները կամաց-կամաց վերածւում մզկիթների», ըսաւ Ն. Ալլուկեան՝ աւելցնելով, որ թուրքերը պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն իրենց ըրածին համար:
Իր կարգին, «Փիւնիկ» բարեգործական միութեան նախագահ, սուրիահայ բարերար Գաբրիէլ æեմպերճեան, որ Հայաստան ժամանած էր նշեալ ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար, յայտնեց, թէ նմանատիպ ձեռնարկներ կ՛ամրապնդեն հայրենիք-Սփիւռք կապը։
Ջեմպերճեան նաեւ նշեց, որ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առթիւ, «Փիւնիկ»ը պիտի իրականացնէ շարք մը ձեռնարկներ. «Ապրիլ 24ին, Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ բակին մէջ, դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան պիտի նուագէ՝ ի յիշատակ մեր զոհերուն», ըսաւ ան։