
ԵՐԵՒԱՆ.- «Սեւան» բանտի պայմանական-վաղաժամկէտ ազատման վարչական յանձնաժողովը Մարտ 31ին ընդունած է դրական որոշում մը՝ Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ), ՀՀՇ վարչութեան անդամ Արամ Բարեղամեանը պայմանական-վաղաժամկէտ ազատ արձակելու մասին:
Բանտի վարչութեան մամլոյ խօսնակ Արսէն Բաբայեանի տեղեկութիւններով, յառաջիկայ օրերուն նոյն յանձնաժողովը որոշումը պիտի քննարկէ, իսկ դրական եզրակացութեան պարագային՝ գործը պիտի ուղարկուի դատարան:
Արամ Բարեղամեան, 2008 Փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին եղած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի՝ Հրազդանի նախընտրական շտաբի պետը: Ան դատապարտուած է վեց տարուան ազատազրկման՝ մարտիմէկեան հետապնդումներուն հետեւանքով:
Յիշեցնենք, որ ՀԱԿի նախորդ հանրահաւաքին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ իշխանութիւններուն առջեւ դրուած երեք պայմաններէն առաջինը՝ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցն էր:
Նախորդ հանրահաւաքէն առաջ ազատ արձակուեցան Յարութիւն Ուռուտեանն ու Ռոման Մնացականեանը: Բանտերուն մէջ տակաւին կը պահուի ութ քաղբանտարկեալ։