
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, երբ ըսենք, թէ Փասատինայի մեր գաղութը կամ շրջանը ներկայիս կը պարզէ ծաղկեալ եւ կենդանի վիճակ: Խանդավառութիւն կայ ամէն տեղ եւ յատկապէս հայ կեդրոնի հովանին վայելող միութիւններու գործունէութեանց մէջ:
Իսկապէս, որ հոս հայութիւնը կ՛ապրի կազմակերպ շրջան մը, ուր ընդհանուր գուրգուրանքն ու գիտակցութիւնը վերածուած են գործի, որովհետեւ համախմբուած են հայկական այս բազմութիւններուն զգացումները:
Ուստի այս բոլորէն մեկնած, կ՛ուզենք յիշեցնել, թէ գալ տարի, 2012ին, արդէն 35 տարեկան կ՛ըլլայ ՀՄԸՄի Արեւմտեան ափերու մեծ ընտանիքին պատկանող՝ Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը, որ գաղութէն ներս կը վայելէ արժանի յարգանք, մեծ վստահութիւն, սէր ու համբաւ:
Այս բոլորը նշմարելի են նոր տարիէն ի վեր սոյն միութեան նորընտիր վարչութեան ծրագրումներէն, մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներէն եւ անշուշտ իր հարիւրաւոր անդամներու մօտ ստեղծուած խանդավառութենէն եւ հաւաքական ապրումներէն:
Այսպէս, Փասատինայի նոր հայ կեդրոնի ոեւէ այցելու, անպայմանօրէն կրնայ նկատել ՀՄԸՄի մասնաճիւղի պատասխանատուներուն տարած ճիգերը եւ անոնց մշակած ծրագիրներու իրագործման ի խնդիր տարուած աշխատանքները, որոնք ծնունդ կ՛առնեն ժողովական կեանքի ընթացքով, նոյն հայ կեդրոնի զանազան գրասենեակներէն ներս եւ մանաւանդ ականատես ալ կրնան ըլլալ ամէնօրեայ ներկայութեանը մեծ ու փոքր մարզիկ-մարզիկուհիներու՝ միութեան սեփական մարզադաշտին վրայ կատարուած մարզական փորձերու ընթացքին:
Միւս կողմէ, խօսիլ ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի ընտանիքին մասին կը նշանակէ նաեւ անդրադառնալ Փասատինայի մեր գաղութին անցնող աւելի քան երեք տասնամեակներու պատմութեան. բոլորը կրնան հպարտօրէն վկայել, թէ ՀՄԸՄի սկաուտական տարազին եւ մարզական շապիկին ներքեւ կայ միութեան մեծ ոգին, որ ոչ միայն կը հոգեփոխէ անդամն ու մարզիկը, գայլիկն ու արի-արենուշը, այլ նաեւ կը բարձրացնէ զանոնք, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին, համաձայն միութեան պատմական նշանաբանին՝ բարձրացնեն իրենց շրջապատը:
Իբրեւ միշտ մօտէն դիտող եւ հետեւող հայ անհատ եւ յաճախ ալ ականատես այս միութեան տարիներու վրայ երկարող վարչութիւններու հին ու նոր ծրագրումներուն եւ աշխատանքներուն, կրնամ հաստատել, թէ հակառակ իր շուրջը փոխուող կարգ մը իրողութիւններու, թերահաւատութեան, ընկրկումներու եւ երկրի տնտեսական ոչ առողջ իրավիճակին, միութիւնը իր անուան շուրջ արդէն տարիներէ ի վեր ստեղծած է անուրանալի համակրանք մը, որ հարազատ արդիւնք է իր անդամներուն ծառայողական նկարագրին եւ ծրագրուած ձեռնարկներուն անոնց յօժարակամ մասնակցութեան:
Այս բոլորը հաստատելու համար, վերջերս հանդիպում մը ունեցայ միութեան վարչութեան ատենապետ՝ Պերճ Պետոյեանի, փոխատենապետուհի եւ ծնողական յանձնախումբի պատասխանատու՝ Սիրան Մարսէլեանի, սկաուտականի պատասխանատու՝ Ժիրօ Թաթիկեանի ու մարզականի պատասխանատու՝ Անիթա Տէրտէրեանի հետ եւ անոնցմէ քաղեցի կարեւոր տեղեկութիւններ, որոնցմէ էական մասեր կ՛ուզեմ մեր ընթերցողներուն ներկայացնել:
Բոլոր պատասխանատուներն ալ կը հաւատան, որ իրենց ծրագրած իւրաքանչիւր ձեռնարկ, իր ետին ունի կանգնած հայեցիութեան եւ հայկականութեամբ լեցուն մթնոլորտ-խորհուրդը:
Այսինքն, հայ երիտասարդներու մէկ միութեան երդիքին տակ համախմբումները խորքին մէջ ունին հայկական արժէքներու նկատմանբ հաւատարմութեան պահպանում, որ անկասկած նաեւ հայապահպանում կ՛ենթադրէ:
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ
ԲԱՆԱԿՈՒՄ
2010 Յունուարի վերջին շաբաթավերջին, մասնակցութեամբ սկաուտական կազմի գրեթէ մեծ ու փոքր բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ ՀԵԴ քէմբ-ճամբարին մէջ դաստիարակչական բանակում մը կազմակերպուեցաւ, որուն մասնակից դարձան նաեւ շրջանի ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի սկուատներէն խումբ մը:
Այսպէս, աւելի քան 150 անդամներու ներկայութեամբ յաջող բանակում մը տեղի ունեցած է:
Սկաուտական կեանքին մէջ արտա-ակումբային նման նախաձեռնութիւնները, կազմակերպչական եւ դաստիրակչական աշխատանքներու կողքին, իրենց մեծ նպաստը կը բերեն նաեւ սկաուտի կերպարի զարգացման, անոր նկարագրի բիւրեղացման՝ նոր փորձառութիւններով հարստանալու կողքին:
Հպարտօտէն կարելի է նշել, թէ հոն՝ այդ քանի մը օրուան բանակումին ընթացքին, մասնակիցները իրենց ծրագրուած աշխատանքներու կողքին, կրկնեցին իրենց հարազատ կանչերն ու երգերը, զանազան խաղերէ ետք նոր ու տարբեր գիտելիքներու հաղորդ դարձան, հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու իրենց սրտերուն մէջ կրկին անգամ նորոգեցին Հայաստանի սէրը, մաքուր ու տիպար հայ եւ քաղաքացի ըլլալու ու մնալու խոստումը տուին ու այս ձեւով հեռու մնացին առօրեայ խաթարուած միջավայրերէն:
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ
ԵՒ ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
Պէտք է ըսել, որ բոլոր շարժումներու նման, սկաուտութիւնն ալ ունի իր յատուկ սկզբունքներն ու նպատակները, որոնց իրագործումը մեծապէս կը նպաստէ հայրենիքին ու ժողովուրդին, միաժամանակ զիրենք հովանաւորող միութեան կեանքի վերելքին ու բարգաւաճման գործօններ դառնալով:
Ասկէ մեկնած, Մարտ 4-5 շաբաթավերջին, միութեան խմբապետական կազմը՝ թիւով 19, «Լէյք Էրօհետ»ի մէջ ունեցաւ «ղեկավարման»-«լիտըրշիբ»ի յատուկ սեմինար մը, իբրեւ դասախօսներ ունենալով կազմի անցեալ տարուան ընդհանուր խմբապետ Ժիրօ Թաթիկեանն ու ներկայի Միաւորի խմբապետ՝ Խաչիկ Սահակեանը:
Իրենց գիտելիքներէն եւ տարիներու ընթացքին ձեռք ձգած փորձառութիւններէն մեկնելով երկու դասախօսներն ալ կազմի անդամ-անդամուհիներուն պարզեցին, բացատրեցին ու ներկայացուցին միութեան գերագոյն նպատակները, ըրին անոր փառաւոր պատմականը եւ անդրադարձան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան:
Սոյն երկու պատասխանատուներն ալ շեշտեցին հաւաքաբար հայ աւանդութիւնները պահելու էականութիւնը, պատասխանատուութեան եւ գիտակցութեան մասին իրենց խօսքերը հիմնաւորեցին պարզելով, թէ իբրեւ հայ մեր գոյատեւման մեծագոյն միջոցը՝ պահել ու պահպանելն է ազգային մեր արժէքները:
Երկօրեայ սեմինարի աւարտին, Մարտ 6ին, խմբապետական կազմը միացաւ միութեան սկաուտական կազմի միւս անդամներուն, որոնք Snow Valley-ի մէջ ձիւնարշաւի համար մեկտեղուած էին:
Գայլիկ-արծուիկ, արի-արենուշ, աւելի քան 50 անդամներով, նոյն օրը այդ ձիւներուն մէջ, իրենց պատասխանատուներուն անմիջական գուրգուրանքին եւ խնամքին տակ վայելեցին բնութեան բարիքներն ու միջավայրի կարելիութիւնները, այս ձեւով հաճելին միացնելով կենսականին, արտա-ակումբային յաջող օր մը եւս արձանագրեցին իրենց տարեկան ծրագիրներու ծիրէն ներս:
ՆԱԽԱՃԱՇԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
Ընդհանրապէս միութիւններ, իրենց տարեկան ծրագիրէն ներս, իբրեւ եկամտաբեր ծրագիր կը ներառեն նաեւ նախաճաշերու կազմակերպումը, որ բացի նիւթական շահէն, կը միտի միութեան անդամներն ու ինչու չէ նաեւ համակիրները հաճելի մթնոլորտի մը մէջ համախմբել կեդրոնին մէջ: Չմոռնանք, սակայն, որ նման ծրագիրի մը իրականացումը կը կարօտի մարդուժի կամ կամաւորներու, որոնք ժամեր առաջ կեդրոն գալով, ոչ միայն նախաճաշը պէտք է պատրաստեն, այլեւ վերջը՝ զայն սիրայօժար կերպով մատուցեն ներկաներուն:
Նման ձեռնարկներ անպայմանօրէն յաջողութեամբ կը պսակուին, եթէ իրենց ետին ունենան անդամներու եւ կամ բարեկամներու զօրակցութիւնը:
Այսպէս, Կիրակի, Մարտ 20ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, ծնողական յանձնախումբին պատրաստած ֆուլի նախաճաշը վայելեցին աւելի քան հարիւր մեծ ու փոքր անդամներ, համակիրներ եւ հիւրեր, որոնք պիւֆէի ձեւով
հիւրասիրուեցան զանազան տեսակի նախաճաշի ուտելիքներով:
Ծափահարելի ու մեծապէս գնահատելի աշխատանք մըն է, որ կը տարուի ծնողական յանձնախումբի կողմէ՝ յանուն միութեան բարօր կեանքին եւ ծրագիրներու իրագործման:
Ներկայիս ծնողական յանձախումբը կը պատրաստուի հետեւեալ ծրագիրներուն՝
1.- Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած «Ծաղկազարդ»ի ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 17, 2011ի կէսօրէ ետք, հայ կեդրոնին մէջ:
2.- «Մայրերու օր»ուան նուիրուած եւ մեծ անակնկալներով լեցուն ճաշկերոյթին՝ Մայիս 8, 2011ին: Ապա Մայիսի մէջ մասնակից պիտի դառնայ նաեւ Armenian Public Radioի ծրագրին: Եւ վերջապէս, արդէն նախանական աշխատանքներու ձեռնարկման սկսած է 2012ին արժանավայել կերպով նշելու մասնաճիւղի 35 ամեակին նուիրուած հրապարակային շքեղ տօնակատարութիւնը:
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 20 Մարտ, 2010ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան սկաուտական խորհուրդի որոշումով, Փասատինայի հայ կեդրոնի ՀՄԸՄի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Ազատամարտ» մասնաճիւղի սկաուտական կազմի անդամներու նոր պաշտօններու տուուչութեան հանդիսութիւնը:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճ Պետոյեանի եւ իր վարչական կազմի բոլոր գործընկերներուն կողքին ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Թալին Հինտոյեանն ու փոխ խմբապետ Վիգէն Մանուկեանը, շրջանի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Միսակ Թաթիկեանը, միութեան մարզիչներն ու բարեկամները եւ աւելի քան հարիւր յիսուն հիւրեր, համակիրներ եւ անդամներ:
Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄի մարզադաշտի պատերուն տակ նկարահանման իրենց տեսակաւոր գործիքներով, ժամանակէն առաջ արդէն ծնողներ, ազգականներ եւ համակիրներ գրաւած էին իրենց տեղերը:
Կազմի մեծ ու փոքր անդամներու շարունակական սկաուտական ծափերն ու կանչերը իրապէս որ վարակիչ խանդավառութիւն մը ստեղծած էին սրահէն ներս: Նախ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը, որմէ ետք կազմի ներկայ պատասխանատուներէն Խաչիկ Սահակեան եւ Նազօ Ծիծաղեան մէկ առ մէկ հրաւիրեցին նոր գնահատագիրներ եւ վկայականներ ստացող մեծ ու փոքր անդամները, որոնք բոլորն ալ սկաուտական յատուկ քայլերով ու կարգապահ շարքով եւ ընկերակցութեամբ իրենց խմբակներու անդամներու ոգեւորիչ ծափերուն ու կանչերուն, ստացան վկայագրեր:
Աւարտին՝ խօսք առնելով, յանուն Շրջանային սկաուտ խորհուրդին խմբապետուհի Թալին Հինտոյեան շնորհաւորեց վկայագիր ստացող բոլոր անհատները եւ շեշտեց թէ բոլոր պարգեւատրուողները անսակարկ կերպով ծառայած են միութեան: Ան աւելցուց նաեւ, թէ «նման վկայագիրները կամ գնահատականները յաւելեալ պարտք կը դնեն ստացողին, որ ան կրկնակի կերպով աշխատանք տանի յանուն իր միութեան վերելքին»:
Ան լուսաբանեց նաեւ մասնաճիւղի միաւորի խմբապետի պաշտօնին զանազան մանրամասնութիւնները: Ապա պաշտօնապէս մասնաճիւղի միաւորի խմբապետի պաշտօն տալով Խաչիկ Սահակեանին եւ Նազօ Ծիծաղեանին, նարնջագոյն ուսնոց եւ եռագոյն փողկապ յանձնեց երկուքին:
«Յառաջ նահատակ»ով փակուած այս հանդիսութիւնը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու թէ ՀՄԸՄի հիմերուն վրայ կը պատրաստուին առաքինի սկաուտներ, ապագայի ղեկավարներ, նուիրումի տէր անձնազոհ երիտասարդ-երիտասադուհիներ, որոնք նոր յոյս կը ներշնչեն ոչ միայն միութեան, այլ նաեւ համայն ազգին:
ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՒ
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՈՂՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ
Նորընծայ.- Օրքիտ Տաուտեան, Սթիւ Կարիկեան, Վարագ Պոսնոյեան եւ Գօգօ Պզտիկեան
Բ.Կարգ.- Արիանա Նազարեան, Սարգիս Տէմիրճեան, Գէորգ Աբրահամեան, Արամ Յակոբ Կարիկեան եւ Նանոր Ցինցալեան
Արծուիկ.- Վանա Պոսնոյեան Գայլիկ -Քրիս Պէքմէզեան
Յարատեւ ներկայութիւն արձանագրած- Վանի Տէմիրճեան, Արիս Գասպարեան, Մէյրի Ճապարեան եւ Անթընի Յովսէփեան
«Պատուարժան Հայ սկաուտ»ի տիտղոս.- Փաթիլ Տէր Յակոբեան եւ Մեղեդի Փոլատեան
«Տիպար Արենուշ».- Նոյէլ Անտոնեան, Փաթիլ Մանուկեան, Վահէ Գրիգորեան եւ Արամ Պօղոսեան
Վեցակապետ.- Ալիք Մարսէլեան եւ Մեղրի Մարսէլեան
Գայլիկ խմբապետ.- Յովսէփ Մարկանեան
Փոխ առաջնորդ.- Արիանա Նազարեան եւ Անդօ Անտոնեան
Վարիչ առաջնորդ.- Սարգիս Տէմիրճեան
Միաւորի խմբապետ.- Խաչիկ Սահակեան եւ Նազօ Ծիծաղեան1
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՄԱՐԶԻՉՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐ
Կիրակի, 20 Մարտ, 2011ին, սկաուտական պաշտօններու տուչութեան եւ պարգեւատրումներու հանդիսութենէն ետք, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Փասատինայի հայ կեդրոնի ՀՄԸՄի սեփական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի պասքէթի բոլոր մարզիչներու յատուկ հանդիպում-սեմինար մը, օրուան դասախօս ունենալով USC համալսարանի պասքէթի խումբի ներկայ գլխաւոր մարզիչ՝ հանրայայտ Քէվըն Օնիլի:
Վարչութեան մարզական յանձնախումբի այս մտայղացումը, որ առաջինն ր իր տեսակի մէջ, իսկապէս որ նոր բարինիշ մը կ՛ապահովհէր անոր անուան դիմաց:
Ներկայութեամբ մասնաճիւղի շուրջ 25 մարզիչներու, «քո»չ Օնիլ երեք ժամերու ընթացքին նախ բացատրեց թէ ի՞նչ ըսել է պասքէթի մարզիչ ըլլալ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մարզիչ կարելի է դառնալ: Ապա ան անդրադարձաւ մարզելու ուսուցման ձեւերուն եւ կերպերուն ու մանաւանդ փորձերու կարեւորութեան եւ լրջութեան մասին: Դասականէն անցնելով գործնականի, հիւր մարզիչը պասքէթի դաշտին վրայ, ինք սեմինարին ներկայ եղող բոլոր մարզիչներուն քոչը դառնալով, աւելի մօտէն բացատրեց եւ լուսաբանեց այն ինչ որ խօսած կամ ներկայայացուցած էր իբրեւ տեսութիւն: Դասխօսութեան աւարտին, պասքէթի գործնական փորձերէն ետք տեղի ունեցաւ հարց պատասխանի բաժինը, որուն ընդմէջէն դրսեւորուեցաւ միութեան նպատակը, պասքէթպոլի կարեւորութիւնը երիտասարդներու մօտ եւ այս խաղին միջոցով մարզիկը միութենական պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս մարզախաղին կարեւորութիւնը:
Անկսակած, որ մարզիչները այս մեծ «քոչէն» կրցան ձեռք ձգել գեղեցիկ փորձառութիւն, որ շուտով արդէն պիտի կ՛իրարկեն մասնաճիւղի աւելի քան երեսուն երկսեռ խումբերուն հետ իրենց փորձերու ընթացքին:
Յանուն վարչութեան պատասխանատու Անիթա Տէրտէրեան ՀՄԸՄի նշանը կրող գեղեցիկ յուշանուէր մը յանձնեց հիւր մարզիչին: