
Շաբաթ, 5 Մարտ 2011ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահը հաւաքուած էին տարբեր տարիքի պատկանող հայ արուեստասէրներ, որոնք եկած էին վայելելու յունահայ անուանի կիթառիստ Եաքովոս Քոլանեանի համերգը, որ կազմակերպուած էր Կլենտէյլի Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին ջանքերով:
Երեկոյին բացումը կատարեց վարչութեան անդամներէն Ալին Պզտիկեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան այդ երեկոյի իրականացման ջանքերուն. մասնաւորապէս, ան յիշեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնն ու FAS Future Auto Sales ընկերութեան տնօրէն Արթուր Թովմասեանը, որոնք հովանաւոր հանդիսացան սոյն երեկոյին, ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց նուիրատուութիւններուն համար:
Ալին Պզտիկեան բարի ժամանց մաղթելէ ետք ներկաներուն, օրուան յայտագիրի առաջին բաժինով բեմ հրաւիրեց Համազգային «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղի «Տարօն» գուսանական երգչախումբէն փոքրիկն Մէրի Արօն, որ իր մանկական հրապուրիչ ձայնով կատարեց Սայաթ Նովայի «Իս Քու Ղիմէթն», եւ «Զեփիւռ կը Դառնամ» երգերը՝ ձայնագրուած նուագի ընկերկացութեամբ: Անոր յաջորդեց նոյն երգչախումբի մանուկ անդամներէն նաեւ փոքրիկն Սինդիա Ղազարեանը՝ «Խուժան Ասկեր» եւ «Կովկասի Քաջեր» երգերով. երկու փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցին սրահէն ներս՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն: Երեկոն բացառիկ առիթ հանդիսացաւ նոր սերունդի տաղանդները եւ կարողութիւնները երեւան հանելու:
Առ ի գնահատանք «Տարօն» մանկական գուսանական երգչախումբի տարած աշխատանքին՝ հայ գուսանական արուեստի հարստութիւնը նորահաս սերունդին փոխանցելու առաքելութեան մէջ, բեմ հրաւիրուեցաւ խումբի ղեկավար-խմբավար Գէորգ Չաքմանեանը, որ իր գրաւիչ կատարումով ներկաները ողջունեց «Վարդ Սիրեցի, Փուշ Դառան» երգով: Յայտագիրին մաս կազմեց նաեւ «Ծիածան» պարային խմբակը՝ տարբեր ազգերու պատկանող իր 5 անդամուհիներով, որոնք ներկայացուցին պարային տարբեր մշակոյթներու միաձուլումը հանդիսացող պարային պատկեր մը՝ «Apricot stone» երգի ընկերակցութեամբ: Յայտագիրին բոլոր մասնակցողները գնահատուեցան ծաղիկներով:
Երեկոյի երկրորդ մասով, օրուան պատգամը փոխանցեց Համազգայինի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Անիթա Հաւաթեանը, որ յիշեց Համազգայինի իւրայատուկ դերակատարութիւնը՝ հայ մշակոյթն ու արուեստը պահպանելու գործին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան կազմակերպիչ մարմինին եւ «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, որ «ջանք չի խնայեր յառաջացնելու Համազգայինի գործունէութիւնը գաղութէն ներս», ըսաւ ան: Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան աստղին կենսագրականը եւ բեմ հրաւիրեց յունահայ կիթառիստ Եաքովոս Քոլանեանը՝ ներկայացնելու իր ելոյթը:
Ճոխ յայտագիրով եւ բացառիկ կատարումներով հանդէս եկաւ օրուան հիւրը՝ հանրաճանաչ կիթառիստ Եաքովոս Քոլանեանը, որ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Յունաստանէն ներս թէ դուրս, եւ դասուած՝ աշխարհի լաւագոյն կիթառ նուագողներու շարքին: Քոլանեան 1985ին աւարտած է Աթէնքի Ազգային երաժշտանոցը եւ արժանացած յատուկ պատուոյ աստիճանի՝ իր կատարելագործութեան համար: Ունեցած է բազմաթիւ ելոյթներ Յունաստանի պատկերասփիւռէն եւ ձայնասփիւռէն, ինչպէս նաեւ Աթէնքի պետական սիմֆոնիք խումբին, Սալոնիքի սիմֆոնիք խումբին եւ Հայաստանի սիմֆոնիք խումբին հետ, բարձրանալով զանազան երկիրներու բեմերը: Ան տնօրէնն է Contemporary Music Education Conservatory-ի կիթառի բաժինին եւ կը դասաւանդէ Աթէնքի Philippos Nakas երաժշտանոցէն ներս:
Համերգը բաժնուած էր երկու արարներու: Առաջին բաժինով Քոլանեան կատարեց համաշխարհային հանրածանօթ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն կտորիկներ: Իսկ կարճ դադարէ եւ հիւրասիրութենէ ետք, ան կրկին բեմ բարձրացաւ եւ քանի մը յունական կտորիկներ կատարելով՝ անցաւ հայկական բաժինին, ուր կիթառի կատարումներով անմահացուց մեր հայկական մշակութային գոհարներէն պատառիկներ, ինչպէս՝ Կոմիտասի «Ալակէօզ»ը, ժողովրդական երգերէ «Տղոց Պար», «Նազելի Պար», «Ովսաննա», «Զանգեզուր» եւ այլ երաժշտութիւններ, որոնց նոթագրութիւնը՝ կիթառի համար՝ կատարուած էր նոյնինքն Քոլանեանի կողմէ:
Համերգի աւարտին, «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց մեծ վարպետին, իսկ Եաքովոս Քոլանեան, իր կարգին խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան կազմակերպիչ մարմինին՝ իրեն ընձեռուած առիթին համար: Ան նաեւ իր խորին երջանկութիւնը յայտնեց անոր համար, որ սրահին մէջ կը գտնուէր նաեւ հայրենի բազմավաստակ երաժշտագէտ Տիգրան Մանսուրեանը, որ իր կարգին բեմ բարձրանալով՝ շնորհաւորեց կիթարիստ վարպետին բացառիկ կատարումները:
Արդարեւ, հաճելի երեկոյ մըն էր, ուր ներկաները առիթն ունէին կամրջելու ներկայի նորահաս եւ մատղաշ սերունդի նորածիլ ձիրքերն ու չափահաս սերունդի մասնագիտական կատարելագործումները:
Կը շնորհաւորենք Կլենտէյլի Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, սոյն երեկոյի յաջողութեան առթիւ, եւ բոլորին կ՛ըսենք. Վարձքերնիդ կատար: