
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երկուշաբթի, Մարտ 28ին կայացած հիւրասիրութեան մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ 29րդ ընտրատարածքին «Տարուան Կինը» կոչումներէն մէկը շնորհեց Մարօ Քէշիշեանին:
«Մարոյի անխոնջ աշխատանքը նպաստած է ոչ միայն մեր համայնքի անդամներուն, այլ անկէ դուրս ապրողներուն: Ան նուիրուած մասնակից մըն է բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնց մէջ դերակատարութիւն ստանձնած է՝ իրեն հետ բերելով աշխուժութիւն եւ խանդավառութիւն», յայտարարեց Էտըմ Շիֆ:
Մարօ հասակ նետած է Լիբանանի մէջ, ուր ուսանողական տարիներուն անդամակցած է «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան: Ան հայ գրականութեան ճիւղին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Պէյրութի «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանէն ու ուսուցչութիւն կատարած է «Աքսոր Քասարճեան» վարժարանին մէջ: 1984ին Միացեալ Նահանգներ ներգաղթելով՝ ան անդամակցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, որմէ ետք վեց առիթներով, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուած է՝ մասնակցելով շրջանային ու միջազգային շարք մը ծրագիրներու կազմակերպման, ներառեալ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Նաւասարդեան խաղերուն: Ան մասնակցած է նաեւ ՀՄԸՄի ընդհանուր ժողովներուն:
Մարօ նաեւ եղած է «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմի անդամ ու կը շարունակէ թղթակցութիւններ տրամադրել օրաթերթին:
1990ին, ան մօտաւորապէս 3 ամիսով Հայաստան մեկնած է՝ մասնակցելով նորանկախ հանրապետութեան մէջ ՀՄԸՄը հաստատելու աշխատանքներուն: Ան կը շարունակէ նպաստել Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՀՄԸՄի գործունէութեան:
Ներկայիս, Մարօ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի շրջանային վարչութեան գործադիր քարտուղարուհին է եւ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի խորհրդական: Ան նաեւ կը շարունակէ կամաւոր աշխատանք տանիլ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղին համար: