ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հազարաւոր համակիրներ եւ հակառակորդներ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ, Ուրբաթ, Ապրիլ 1ին ցոյցեր կատարեցին։ Երկու կողմերը կը փորձեն վերակենդանացնել նախագահին ճակատագիրը վճռելու բանակցութիւնները։
Արաբական աշխարհի ամենաաղքատ երկիրին մէջ շաբաթներէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերը Սալեհի 32ամեայ իշխանութիւնը տապալումի եզրին բերին, սակայն Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա մտահոգ են, թէ այնպիսի երկիրի մը մէջ, ուր «Քայիտա»ի գործունէութիւնը կ՛աշխուժանայ, ով պիտի փոխարինէ նախագահը։
Ուրբաթ օրուան նամազէն առաջ, իրարմէ շուրջ 4 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու հակադիր հաւաքները մեծաթիւ մասնակիցներ ապահոված էին։ Սալեհի հակառակորդները իրենց հաւաքը կոչեցին «Փրկութեան Ուրբաթ», իսկ համակիրները՝ «Եղբայրութեան Ուրբաթ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.