
Համագործակցութեամբ նորարար երաշժտութեան ջատագով «Other Minds»ի եւ Ամերիկայի հանրային լրատաուամիջոցներու կազմակերպութեանց, յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունի նախաձեռնած է հայազգի յօրինող Ալան Յովհաննէսի հարիւրամեակին նուիրուած ձայնասփռումներու շարքի մը, որմէ առաջինը սփռուեցաւ Երկուշաբթի, Մարտ 28ին:
Այս տարուան ընթացքին, ձայնասփիւռի մօտաւորապէս 300 կայաններէ պիտի սփռուին այս նպատակով Պըրքլիի (Քալիֆորնիա) մէջ տեղի ունեցած համերգի մը ձայնագրութիւնը եւ Ալան Յովհաննէսի մասին Շահան Արծրունիի հետ այս առիթով կատարուած զրոյցէն հատուածներ՝ ներկայ սերունդին ծանօթացնելով ամերիկահայ այս կարեւոր յօրինողը, որ արեւելեան ու արեւմտեան երաժշտութեանց միաձուլումով ստեղծագործած իր կտորներով, «համաշխարհային երաժշտութիւն» կոչուող շարժումին հիմնադիրներէն մէկը կը նկատուի:
Յայտագիրը կարելի է լսել նաեւ www.performancetoday.org կայքէն: