
Այսօրուան (Չորեքշաբթի, 30 Մարտ) «Հիւրրիյէթ»ի մէջ Էրթուղրուլ Էօզքէօք վերի խորագրին ներքեւ կը խօսի Սկիւտար, Գալֆայեան վարժարան իր այցելութեան մասին, Գալֆայեանցի աշակերտներու եւ վարիչներու հետ քաշուած նկարի մը ներքեւ։
Էրթուղրուլի յօդուածը շատ կարեւոր կը դառնայ մասնաւորաբար այն հատուածով, ուր ան իր մտածումները կը յայտնէ վարժարանին պատէն կախուած «Երանի՜ Թուրք եմ ըսողին» նշանատախտակին մասին։ Յայտնի լրագրողը այս կերպով նոր առաջարկ ու տեսութիւն մը կը փռէ աչքերու առջեւ։ Յօդուածագիրը ամէնէն առաջ կ՛ըսէ, որ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ է որ այցելած է հայկական վարժարան մը։ Զինքը կը դիմաւորէ տնօրէնուհի Ատրինէ Թահմինճիօղլու։ Յօդուածագրի հարցումներուն պատասխանելով, տնօրէնուհին կը յայտնէ որ Իսթանպուլի մէջ ունինք 16 հայկական վարժարաններ, ուր կ՛ուսանին 3500 աշակերտներ։
***
Էօզքէօք այնուհետեւ կը պատմէ հետեւեալը.
Վարժարանին մէջ պիտի ճաշենք բոլորս միասնաբար։ Մեզի հետ է Կարմիր մահիկի նախագահը Թէքին Քիւչիւքալի, Սկիւտարի գաւառապետը Սիւլէյման Էրտօղան եւ քաղաքապետը Մուսթաֆա Գարա։ Մեզի հետ է նաեւ Գալֆայեանի Խնամակալութեան ատենապետ Տանիէլ Անթիքաճըօղլու, նաեւ հետաքրքրական անուն մը՝ Աւետիս Հիլքաթ։
Աւետիս Հիլքաթ, որ Մարքօ Փաշայէն ի վեր, առաջին անգամ է, որ փոքրամասնական համայնքէն Կարմիր մահիկի վարչական խորհուրդի անդամ ընտրուած է։
Չկարծէք որ կը կատակեմ։ Մարքօ Փաշան է Կարմիր մահիկի հիմնադիրը։
Դասարանները կ՛այցելենք։ Ճռուողուն աշակերտներ։ Անոնց աչքերէն համակրանք եւ իմացականութիւն կը ցայտէ։ Ճաշարանը, որ վարի յարկին վրայ է, մաքրութիւն կը ճառագայթէ։ Ամէն դասարանի մէջ Աթաթիւրքի նկարը, Աթաթիւրքի երիտասարդութեան ուղղեալ պատգամը, անկախութեան քայլերգի բառերը բովանդակող շրջանակներ կախուած են։ Կրթական Նախարարութեան հրահանգն է որ գործադրուեր է։ Իսկ անոնց քովը Ճէ.Հէ.Փէ կուսակցութեան վեց նետերով սկզբունքներ բովանդակող ցուցատախտակը կախուեր է. «Ժողովրդավարութիւն, Պետականութիւն, Ազգայնապաշտութիւն…» որ կ՛ենթադրեմ թէ պարտաւորիչ չէ։
Բայց ամէնէն աւելի իմ ուշադրութիւնը կը գրաւէ սա գրութիւնը. «Երանի՜ անոր որ Թուրք եմ կ՛ըսէ»։
Կը դառնամ տնօրէնուհիին եւ հարց կու տամ. «Այս ցուցատախտակը կախե՞լն ալ պարտաւորիչ է»։ Ան կը պատասխանէ թէ ատիկա կախած են իրենց փափաքով։ Մեզ շրջապատող միւս մարդոց երեսը կը նայիմ եւ կը տեսնեմ որ անոնք խորհրդաւոր լռութիւն կը պահեն։ Ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի մեր երեսներուն վրայ։ Կարծես թէ բոլորս ալ անկեղծութենէ հեռու, դիմակաւոր պարահահանդէսի մը ներկայ ենք։
Ես եմ որ կը խօսիմ այս անգամ եւ կ՛ըսեմ. «կ՛ենթադրեմ, թէ այս ցուցատախտակը դուք ինչո՞ւ կախած էք այստեղ։ Բայց ես կ՛ուզեմ իմ զգացումս յայտնել։ Ես, որպէս այս երկրի մեծամասնութիւն կազմող անդամներէն մէկը, հայկական վարժարանի մը մէջ այս գրութեան գոյութիւնը ապահովող մթնոլորտէն անհանգիստ եմ»։
Այսինքն այս մարդիկը ապացուցանելու համար որ այս երկրին հաւատարիմ հայրենակիցներն են, պէ՞տք է որ այդ գրութիւնը հոն կախեն։
60-70 հազար հաշուող այս մարդիկը, որոնք այս երկրին մէջ ապրիլ նախընտրած են հակառակ 1915ի մեզ բոլորս յանցանքի ծանր բեռան տակ ճզմող ողբերգական դէպքերուն եւ 1980ին Ասալայի շրջանի ստեղծած սարսափի մթնոլորտին, ի՞նչ բան պէտք է ապացուցանեն արդեօք։
Կը կարծեմ որ ճիշդ պիտի ըլլայ, երբ անոնք ըսեն. «Երանի՜ մեզի որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայրենակից ենք» (այդքանը շահելու համար թուրք ժողովուրդը ահագին ընելիք դեռ ունի-«ԱՍՊԱՐԷԶ»)։
Յօդուածագիրը ապա կը պատմէ մարզական նիւթերու շուրջ աշակերտներու հետ իր ունեցած խօսակցութիւններու մասին եւ կ՛ըսէ.
«Վարժարանէն հրաժեշտ առի սրտաբեկ թէեւ, բայց յուսալից զգացումներով։ Տեղեկացայ որ Թուրքիոյ մէջ, 1915ի դէպքերէն ետք ոչնչացուած Հայ եկեղեցիներու թիւը 2200 է եղեր…»
«ՄԱՐՄԱՐԱ»