ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը շարունակէ հրապարակել Թուրքիոյ վերաբերեալ «Ուիքիլիքս»ի մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերը։ Յունուար 30, 2007 թուակիր փաստաթուղթի մը մէջ, Պոլսոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու գլխաւոր հիւպատոս Տեպրա Ք. Ճոնզ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած իր հեռագիրին մէջ մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն միջեւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն։
«Իրաւապաշտպան Հրանդ Տինքի ողբերգական մահը Թուրքիոյ համար մեծ կորուստ էր։ Դեսպանատան եւ հիւպատոսարանի աշխատակիցները յաճախ հանդիպում կ՛ունենային Տինքի հետ։ Նմանատիպ հանդիպումներէն վերջինը եղաւ Նոյեմբեր 14, 2006ին, որուն ընթացքին Տինք հանդիպած էր Միացեալ Նահանգներու՝ Աշխարհի մէջ կրօնի ազատութեան հարցերու յանձնախումբի ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիպման ընթացքին Տինք ունեցած է շատ հետաքրքրական արտայայտութիւն՝ նշելով, որ պատմական հարցերուն աղբիւրը ազգայնականութիւնն է, աւելի քան կրօնը», Ուաշինկթըն ուղարկուած հեռագիրին մէջ գրած է Ճոնզ։
«Ես որոշ չափով դէմ եմ, որ ազգային փոքրամասնութիւնները դիտուին իբրեւ կրօնական փոքրամասնութիւններ։ Հայերը այս հողերուն վրայ ապրած են չորս հազար տարի։ Սակայն ցաւալի է, որ հիմա դարձած են կրօնական համայնք։ Ատիկա անընդունելի է։ Անգարան թուրք հանրութիւնը, որ մեծամասնութիւն կը կազմէ, չի դիտեր իբրեւ կրօնական համայնք։ Սակայն փոքրամասնութիւնները կը նկատէ կրօնական համայնքներ։ Ասիկա խնդիրներ յառաջ պիտի բերէ։ Հանրապետութեան հռչակումէն ի վեր, հակառակ այն բանին, որ ըստ Լօզանի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան, պէտք է քաղաքացիները հաւասարապէս պաշտպանութիւն վայելեն, Թուրքիա ազգային փոքրամասնութիւնները երբեք չէ դիտած իբրեւ իր քաղաքացիները։ 60 հազար հայեր կը շարունակեն ապրիլ, իբրեւ երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ։ Պետութիւնը հայերուն կը մօտենայ իբրեւ ապահովութեան սպառնալիք։ Սակայն այսօր անոնց թիւը այնքան քիչ է, որ այլեւս սպառնալիք չեն համարուիր։ Թուրքիան ստեղծուած իրավիճակը կը փորձէ օգտագործել իր շահերուն համար։ Այսօր անգամ համայնքը զուրկ է իրաւունքներէ», ըսած է Տինք։
«Մեծ տարբերութիւն կայ այսօրուան Թուրքիոյ եւ 30 տարի առաջուան Թուրքիոյ միջեւ։ 30 տարի առաջ Էրպաքանի (նախկին վարչապետ) ժամակաշրջանին, քրիստոնեան թշնամի էր, իսկ Արեւմուտքի ժողովուրդները՝ կաւուր։ Սակայն այսօր կայ կուսակցութիւն մը, որուն հիմքը կը կազմէ իսլամութիւնը։ Վերջինս կ՛ամրապնդէ մեր կապերը Արեւմուտքին հետ։ Ատոր հետ մէկտեղ, կան ծայրայեղականներ, որոնք, սակայն քիչ դերակատարութիւն ունին», աւելցուցած է Տինք։
Երբ հանդիպման ընթացքին Տինքի հարցուցած են, թէ ո՞ր կուսակցութիւնն է, որ Թուրքիոյ մէջ կը ներկայացնէ «իրական աշխարհիկութիւնը», Տինք պատասխանած է՝ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը։
Այն հարցումին, թէ «իբրեւ կրօնական փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ՝ չէ՞ք վախնար, որ Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսի հզօրանալու իսլամական ուղղուածութիւն ունեցող կուսակցութիւնը», Տինք պատասխանած է. «Ո՛չ, չեմ վախնար»։
Իսկ ի պատասխան այն հարցումին, թէ «ինչո՞վ վստահ էք, որ քեմալիզմէն հրաժարելու պարագային, Թուրքիոյ մէջ չեն հաստատուիր իսլամական օրէնքի կարգեր», Տինք յայտարարած է. «Ատոր իբրեւ արդիւնք պիտի հաստատուին ոչ թէ իսլամական օրէնքի կարգեր, այլ ժողովրդավարութիւն։ Իսկ քեմալականները ժողովրդավար չեն։ Քեմալական պետութիւնը զիս դատապարտեց այն բանին համար, որ ես ըսած եմ՝ հա՛յ եմ»։