ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ազատութեան հրապարակին վրայ հացադուլ կատարող Ժառանգութիւն

կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին երէկ այցելեցին շարք մը դպրոցներու աշակերտներ, եւ անոր կոչ ուղղեցին դադրեցնելու հացադուլը:
«Մենք լաւ հասկանում ենք, որ ձեր կոչը՝ իշխանութիւնը վերադարձնելու ժողովրդին, ձերբազատուելու կոռուպցիայից, կասեցնելու արտագաղթը, վերացնելու անարդարութիւնը եւ պահպանելու մեր մշակոյթը եւ հայեցի կրթութիւնը, նպատակ ունի մեր սերնդի համար ապահովել բարեկեցիկ եւ արժանապատիւ ապագայ: Մեր սերնդակիցների անունից խնդրում ենք ձեզ դադարեցնել հացադուլը Ազատութեան հրապարակում եւ շարունակել ձեր գործունէութիւնն այլ ատեաններում», ըսուած է աշակերտներու կոչին մէջ:
Ի պատասխան՝ Յովհաննէսեան նշեց, թէ ինք անպայման հաշուի պիտի առնէ աշակերտներուն յորդորները իր միտքերուն, խոհերուն եւ աղօթքներուն մէջ, ու յառաջիկայ օրերուն կամ հաւանաբար վաղը պիտի արտայայտէ իր տեսակէտը՝ հացադուլը դադրեցնելու կոչերուն վերաբերեալ:
«Յոյսով եմ, որ գոնէ վաղը պիտի կարենամ իմ նախնական եւ ամբողջական պատասխանը տալ ձեզի, մեր երիտասարդ սերունդին, որովհետեւ ես կը հաւատամ, որ իմ այս փոքր քայլ-ահազանգը Ազատութեան հրապարակի վրայ, ըրած եմ ո՛չ թէ մեծ ծաւալով մեծ փոփոխութիւն բերելու համար, այլ որպէսզի բոլորը՝ իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը, հասարակութիւնը եւ երիտասարդութիւնը, հասկնան, թէ այսպէս շարունակել չենք կրնար», յայտարարեց Յովհաննէսեան:
Նշենք, որ հացադուլի 14րդ օրը Րաֆֆիին այցելած բժիշկին համաձայն, անոր առողջութեան տակաւին վտանգ չի սպառնար: Այսուհանդերձ, Երեւանի չորրորդ բժշկական կեդրոնի բժշկուհի Թինա Մալխասեան, որ ամէն օր կը քննէ Րաֆֆին, յորդորած է դադրեցնել հացադուլը:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան, իր կարգին, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտնած է, թէ ինք պիտի շարունակէ իր ամէնօրեայ հանդիպումները բժիշկին հետ:
«Եւ եթէ երբեւէ առողջութեան խնդիրը դառնայ կրիտիկական (վտանգաւոր-Խմբ.), ես, ի հարկէ, կը վերանայիմ: Բայց ներկայ դրութեամբ, ամէն ինչ կայուն է, 15րդ օրը մտանք եւ բացառութեամբ մօրուքիս սպիտակներէն՝ ամէն ինչ անփոփոխ է: Կը շարունակեմ (հացադուլը), քանի դեռ իմ կամքը կը ներէ», յայտնած է Յովհաննէսեան: