
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Պոլսոյ մէջ կայացած «Ժամանակակից աշխարհի մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը» միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ մօտ օրէն Թուրքիան Ֆրանսայի մօտ դեսպան պիտի նշանակէ թրքահայ գիտնական մը։ Ան ըսած է, որ հայազգի գիտնականին թեկնածութիւնը արդէն ներկայացուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին եւ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին, որոնք դէմ չեն։ Նախարարը չէ բացայայտած ապագայ դեսպանին անունը։
«Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, որ նոյնպէս մասնակցած է վերոնշեալ խորհրդաժողովին, լաւատեղեակ շրջանակներէ բացայայտած է, թէ խօսքը տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուի մասին է։ Պոլսահայ ուսուցիչներու զաւակ Աճեմօղլու, ամերիկեան «Էմ.Այ.Թի.» համալսարանի տնտեսագիտական բաժինի վարիչն է եւ կը ղեկավարէ մասնագիտական խումբ մը, որուն հետազօտութիւններուն արդիւնքը առնուազն երկու անգամ ներկայացուած է նոպէլեան մրցանակի։