Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ թրքական ոստիկանութեան յատուկ ջոկատի մը նախկին աշխատակից Այհան Չարքըն, «Թարաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ «Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութիւնը հասած է մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղ։
Նախապէս ան յայտարարած էր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ «առնչութիւն ունի Վելի Քիւչիւքը», որ «Էրկենեքոն»ի հարցով ձերբակալուած նախկին զօրավար մըն է:
Նշենք, որ 2010ին, Պոլսոյ մէջ «Էրկենեքոն 2» մեղադրական եզրակացութեան մէջ տեղ գտած էր Էրհան Քեսքինի խոստովանութիւնները այն մասին, որ «Էրկենեքոն»ը ժամանակին գործակալներ ուղարկած է Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճան։ Քեսքին, որ ձերբակալուած էր 2009ին՝ հիւանդանոցի մէջ նախկին զօրավար եւ նոյնպէս «Էրկենեքոն»ի հարցով ձերբակալուած Լեւենթ Էրսէօզի դէմ մահափորձ ծրագրելու մեղադրանքով, յայտարարած էր, թէ ժամանակին ինք եւ քանի մը այլ անձեր գործուղուած էին Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճան՝ տեղեկութիւն հաւաքելու համար։