ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Տարիներ շարունակ, հայ մարդու հպարտանքով, իմ շրջապատին մեծ-մեծ բառերով պատմեր եմ, թէ ինչպիսի առաջադէմ հասարակութիւն է հայութիւնը յատկապէս կնոջ իրաւունքներու, քաղաքական կեանքի մասնակցութեան իմաստով: Այդպէս հպարտացած եմ օրինակ բերելով արտայայտուելու իմ ազատութիւնը, քաղաքական կեանքէն ներս գործօն մասնակցութիւնս, թէեւ երբեմն երբեմն նշմարելով գրեթէ բոլոր տեսակի քաղաքական հաւաքներուն առանձին եղած եմ. Այսինքն ուրիշ կիներ չեն եղած:
Տարիներ շարունակ ինքնարդարացման փորձերէ ետք եկայ ամողջութեամբ այլ եզրակացութեան: Մեր հաւաքականութիւնը, հայ հասարակութիւնը, ոչ մէկ ատեն, ոչ մէկ ժամանակ հայ կնոջ զարգացումը, քաղաքական կեանքէն ներս անոր ներկայութիւնը ոչ միայն չէ քաջալերած այլ նաեւ այդ գծով հանդուրժողականութիւն ցոյց չէ տուած:
Այդպէս էր անցեալին, այդպէս է նաեւ այսօր:
Սա է իրականութիւնը ե՛ւ սփիւռքի մէջ ե՛ւ Հայրենիքէն ներս.
Վերջ ինքնախաբէութեան:
Վերջին շաբաթներու ընթացքին քանի մը երեւոյթներ կրկնակի անգամ հաստատեցին իմ ցաւն ու մտահոգութիւնը:
Ազգային ժողովը անցեալ շաբաթ քննարկեց Ընտրական օրէնսգրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը: Այս առթիւ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան հարց դրաւ, թէ արդեօ՞ք հարկ չկայ որ կանանց թիւը եւ դերը աւելի մեծ ըլլայ Խորհրդարանէն ներս, մանաւանդ որ Եւրոպան այդպէս կը պահանջէ Հայաստանէն:
Հարցին պատասխանեց կառավարութեան ներկայացուցած առաջարկը պաշտպանող՝ զեկուցող Արա Սիմոնեանը, ըսելով. «Ես համաձայն չեմ , որ պէտք է քուոտաւորուի, եւրոպացիները գուցէ ինչ որ խնդիրներ ունեն որ կանանց թիւը ամրագրուի:»
Եւրոպացիները կանանց քաղաքական կեանքէն ներս ներգրաւելու խնդիր ունին թէ ոչ կարելի է վիճել, սակայն խնդրեմ մի ըսէք որ Հայաստանը խնդիր չունի:
Ըստ երեւոյթին ինծի պէս շատեր աւելի լաւ կարծիք ունին մեր ազգի մասին: Եկէ՛ք լսենք կառավարութեան զեկուցաբերի պատասխանի շարունակութիւնը. «..Ես աւելի լաւ կարծիք ունեմ մեր ազգի մասին: Մենք աւելի կնամեծար ենք, եւ եթէ կինը ժամանակ, հնարաւորութիւն եւ ցանկութիւն ունի մասնակցելու ընտրական գործընթացներին եւ քաղաքականութեանը, չեմ կարծում, որ կնոջ առջեւ կարող են լինել ինչ որ արգելքներ:»
Հայ կնոջ քաղաքականութեան համար ժամանակ, հնարաւորութիւն եւ ցանկութիւն ունենալու կամ չունենալու մասին խօսելէ առաջ, մի քանի մէջբերում եւս պարոն Սիմոնեանի ելոյթէն.
«Եթէ դուք ակնկալում էք , թէ թիւը, համամասնութիւնը պէտք է տարբեր լինի, կարծում եմ հաճելի է աշխատել մի միջավայրում որտեղ կան խելացի, բանիմաց եւ գեղեցիկ կանայք:»
Պարոն Սիմոնեանը դժբախտաբար առանձին չէ իր այս համոզումներուն մէջ: Հայ տղամարդը ինքնավստահ է որ իր կնամեծարութեամբ կը լուծէ մեր հասարակութեան ամէնէն լուրջ տագնապներէն մէկը՝ հայ կնոջ մասնակցութիւնը ազգային մեր երազներու իրագործման ճամբուն վրայ:
Հայ կնոջ դերը ֆիզիքական իր «շնորհներուն» սահմանափակելու մտայնութիւնը մենք նոյնիսկ institutionalize ըրած ենք Մարտի 8ով: Այդ օրը, բոլորը, հանրապետութեան նախագահէն սկսեալ մինչեւ կաթողիկոսը, Ազգային ժողովի նախագահէն մինչեւ ոստիկանապետը, վարչապետէն մինչեւ Վիվասելի տնօրէնը. այնպիսի հրաշալի խօսքեր կը նուիրեն հայ կնոջ, որ պահ մը գինովցած, մարդ կը մոռնայ որ ասիկա նոյն Հայաստանն է, ուր ազգային ժողովի բեմէն պատասխանատու այրեր կը յայտարարեն, որ մենք աւելի լաւ ազգ ենք, քանի որ մենք աւելի կնամեծար ենք:
Վարդեր, շոքոլաներ ստանալը ինչ խօսք շատ հաճելի է: Պահ մը իսկ ձեր միտքէն չանցնէք թէ ես վարդ ու շոքոլա սիրողը չեմ, մանաւանդ երբ շոքոլան կը նուիրէ հայ տղամարդը: Սակայն այնքան ալ միամիտ չեմ որ տարուան մէջ մէկ օր, երկու տող բանաստեղծութեամբ եւ քանի մը տուփ շոքոլայով յիշողութիւնս կորսնցնեմ:
Մեր տղամարդկանց կ՛ուզեմ ըսել հետեւեալը.
Ինչպէս կարելի է մոռնալ որ հայ կինը ոչ ժամանակ եւ ոչ ալ հնարաւորութիւն ունի քաղաքականութեամբ զբաղուելու, քանի նոյն այդ քաջարի հայ տղամարդը պատրաստակամութիւն չունի ստեղծելու, տրամադրելու նուազագոյն միջոցները, որոնք հայ կնոջ համար ե՛ւ ժամանակ ե՛ւ հնարաւորութիւն կը ստեղծեն ընելու նոյն այն գործը որ հայ տղամարդը դարձուցած է իր մենաշնորհը:
Չեմ ուզեր խօսիլ ցանկութիւն ունենալու կամ չունենալու մասին, քանի գիտեմ որ կան հազարաւոր հայուհիներ որոնք պատրաստ են իջնել քաղաքական ասպարէզ, այն պարագային երբ անոնց համար մեր հասարակութիւնը ստեղծէ աշխատանքի բարենպաստ պայմաններ:
Այսօր Հայաստանի ազգային Ժողովէն ներս ունինք միայն 12 կիներ: 131 պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի՝ 131ի վրայ կը նշանակէ որ կիները կը կազմեն միայն 9.16 տոկոս, որ մեզ կը տեղաւորէ Քենեայի, Քոտ Տ՛իվուարի, Սուրինամի նման երկիրներու շարքին:
Սփիւռքի տարածքին պատկերը շատ ալ տարբեր չէ: Թերեւս նոյնիսկ աւելի վատ է. փաստ այն է, որ սփիւռքեան կազամակերպութիւններու, յատկապէս քաղաքական կազմակերպութիւններու վերնախաւին մէջ հայ կնոջ ներկայութիւնը գրեթէ չգոյ է, ներառեալ այն կազմակերպութեան մէջ ուր ես ընտրեր եմ ըլլալ գործօն:
Այս տուեալներու լոյսին տակ կ՛ուզեմ հարց տալ.
Հայկական քաղաքական կեանքէն ներս արդեօք հնարաւո՞ր է հայ կնոջ եւ հայ տղամարդու միջեւ partnership (համա-գործակցութիւն-Խմբ.):
Արդեօք պատրա՞ստ ենք այս հարցը տեղադրելու իր ճիշդ հունին մէջ, պատրա՞ստ ենք ընդունելու այն, որ կիներու ներառումը վճռորոշիչ է ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան լիարժէք զարգացման համար:
Պատրա՞ստ ենք քննարկելու, թէ ինչպէս կարելի է այդ partnershipը իրականացնել. Պատրա՞ստ ենք ընդունելու որ մեր երկրի եւ ազգի ղեկավարման գործին մէջ այս մտածելու նորաձեւութեան որդեգրումով միայն կրնանք իրականցնել բարօրութեան եւ արդարութեան օրրան հայրենիքի մեր երազը:
Այս հարցադրումները հրատապ են: Նոյնքան հրատապ է նաեւ պատասխաններու բանաձեւումը, որուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին հասարակական կազմակերպութիւնները: Սակայն կրկնապատիկ աւելի մեծ դերակատարութիւն ունին իրենք՝ քաղաքական կուսակցութիւնները:
Այս ծիիրն մէջ խիստ այժմէական են ՀՅԴ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի հարցադրումները, որոնք քննութեան տակ կ՛առնեն ընտրական գործընթացները:
Քաղաքականութիւնը իր արմատները ունի հասարակութեան մէջ, ան կը ցոլացնէ մեր արժէքներու համակարգը: Հետեւաբար, մեր քննարկումներուն մէջ պարտաւոր ենք ցայտուն դարձնել այն իրոլութիւնը, որ կիներու եւ տղամարդոց միջեւ քաղակական partnership-ը հնարաւոր է միայն, երբ այդ partnership-ը ընդհանրապէս կը գործէ մեր հասարակութենէն ներս.
Մեր երկրի պարագային, որպէս արդի ժոլովրդավարութիւն, խօսքս կը վերաբերի , ոչ աւելի ոչ պակաս ընկերային նոր դաշինքի, նոր պայմանագրութեան մասին, ուր կինն ու տղամարդը պիտի գործեն հաւասարութեան եւ զիրար ամբողջացնող պայմաններու մէջ, մեր տարբերութիւնները վերածելով իրարահարստացման գործիքի:
Այս բացը ուղղելու համար, հարկաւոր է մտածելակերպի արմատական փոփոխութիւն թէ՛ կանանց եւ թէ՛ տղամարդկանց մօտ. Միայն այն ատեն, միայն երբ կնոջ նկատմամբ վերաբերմունքները փոխուին, կարելի է նոր հաւասարակշռութիւն բերել մեր հասարակութեան մէջ ընդհանրապէս, եւ քաղաքականութեան մէջ՝ յատկապէս:
Կասկած չկայ, որ կնոջ իրաւունքի խնդիրը մարդկային իրաւունքի խնդիր է: Կարելի չէ տարանջատել մէկը՝ միւսէն:
Կին եւ այր քաղաքական գործիչներ պարտաւոր են իրենց անկարելին ընել՝ կնոջ քաղաքական իրաւունքներու ճանաչման համար, որովհետեւ՝ կնոջ իրաւունքերու պաշտպանութիւնը համազօր է ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան:
Հեղինակին հետ կապուելու համար գրեցէ՛ք
Suzanne.khardalian@comhem.se
Þ³ï ɳõ í»ñÉáõÍáõÙ ¿. ÝáÛÝÁ Áñ³Í »Ù »ë ϳñ»õáñ ³éÇÃÝ»ñáí, ϳñ»õáñ
³Ûñ»ñáõ áõß³¹áõÃÇõÝÁ Ññ³õÇñ»Éáí Ð³Û ÅáÕáíáõñ¹Ç ½³ñ·³óÙ³Ý Ñ³Ù³ñ
³ÝÑñ³Å»ßï ³Ûë μݳ·³õ³éÇÝ íñ³Û£ ´³Ûó ªªÒ³ÛÝ μ³ñμ³éáÛ
۳ݳå³ïǪª£²Ûëûñ ѳÙá½áõ³Í »Ù áñ ³Ûë Û»Õ³÷áËáõÃÇõÝÁ ÏñÝ³Û ·³É ÙdzÛÝ
ÏÇÝ»ñ¿Ý, áñáÝù å¿ïù ¿ û·ï³·áñÍ»Ý ÁÝï³ÝÇùÇÝ »õ ÏñÃ³Ï³Ý Ñ³Ù³Ï³ñ·ÇÝ
Ù¿ç Çñ»Ýó ³é³ÝÓݳßÝáñÑ»³É ¹ÇñùÁ, ³Ûë áõÕÕáõû³Ùμ Ýáñ ë»ñáõݹݻñÁ
¹³ëïdzñ³Ï»Éáõ ѳٳñ, Ù³ëݳõáñ³μ³ñ ³ÕçÇÏÝ»ñáõÝ ëáñí»óÝ»Éáí Çñ»Ýó
ï³ññ³Ï³Ý Çñ³õáõÝùÝ»ñÁ å³ßïå³Ý»É, ÇëÏ ïÕáó Ùïù»ñÁ å³ïñ³ëï»Éáí
ѳõ³ë³ñ Çñ³õáõÝùÝ»áõ ·³Õ³÷³ñÇÝ
Ge tsavim, vor Hildayin gardzike enterneli tche.
Suzanin mdahokoutiounnern ou aratchargnere artaratsi en, payts jantchnalov Hayasdani engeroutioune, nayev Spurki klkhavor kaghoutneren 3 hade, gatsoutioune anhouys ge ngadem…