
ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Եմէնի Ժաար քաղաքի զէնքի գործարանին մէջ, Երկուշաբթի, Մարտ 28ին տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով առնուազն 110 հոգի մահացած է. կան քանի մը տասնեակ վիրաւորներ նաեւ։
Եմէնի իշխանութիւններուն տուեալներով, վիրաւորներու շարքին են նաեւ երեխաներ։ Պայթումը տեղի ունեցած է, երբ քաղաքի բնակիչները փորձած են գործարանէն զէնքեր գողնալ։
Մարտ 26ին, Ժաար անցած էր իսլամական զինեալներու ձեռքը։ Անոնք թալանած էին զէնքի գործարանը։
Զինեալները նաեւ գրաւած էին Ժաար քաղաքի կառավարական շէնքը, իսկ ոստիկանութիւնը լքած էր քաղաքը։
Զիենալներու հետ բախումներու պատճառով սպաննուած էին Եմէնի բանակէն վեց զինուորներ։
Միւս կողմէ, մինչ կառավարութեան դէմ ցոյցերը շարունակուեցան Երկուշաբթի օր, իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութեանց մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ հակառակ այն տեղեկութեանց, որ բանակցութիւնները տեղքայլի մէջ են, համաձայնութիւն մը մօտալուտ կը թուի ըլլալ: