
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Երկիր» միութիւնը եւ «Կովկասի ինստիտուտ» հիմնադրամը Մարտ 15ին Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպեն «Հայոց Ցեղասպանութեան գիտակցման կառուցումը Թուրքիոյ մէջ» միջազգային գիտաժողովը, որուն ընթացքին զեկոյցներ պիտի ներկայացնեն թուրք փորձագէտներ, «Ներման արշաւ»ի նախաձեռնող խումբի անդամներ՝ Չէնկիզ Ագթարը եւ Ալի Պայրամօղլուն, ինչպէս նաեւ յայտնի փորձագէտներ եւ թրքագէտներ՝ Հայաստանէն: Գիտաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն թուրք հասարակութեան եւ պետութեան կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հեռանկարները: Պիտի ներկայացուին զեկոյցներ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան դրսեւորումներու, Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման ներկայ միտումներու, Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան վիճակի, Թուրքիոյ հայ համայնքի խնդիրներու վերաբերեալ եւ այլ թեմաներով: Գիտաժողովի ծիրին մէջ նաեւ պիտի ներկայացուի Չենկիզ Ագթարի «Կոչ ներման» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը:
Այս գիտաժողովին նպատակն է տուեալ խնդիրը տեղափոխել նոր մակարդակ՝ կայուն հիմք ստեղծելով առարկայական ու անկեղծ հայ-թրքական երկխօսութեան համար», կ՛ըսուի գիտաժողովի նախաձեռնողներու հաղորդագրութեան մէջ: