Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ եւ ծխական համայնքի հաստատման երկրորդ տարեդարձին առթիւ, Կիրակի, Փետրուար 27ին հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ապա ուրարի տուչութիւն կատարեց եւ իր հայրական պատգամով խրախուսեց հաւատացեալները։ Առաջնորդին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ ծխական շրջանի հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ հոգաբարձութեան հրաւէրով։ Ս. սեղանին կը սպասարկէին հայր Միւռոն եւ սարկաւագներ։
Իր քարոզին մէջ, սրբազան հայրը գոհութիւն առաքեց Աստուծոյ, որ այս առիթը ընձեռեց՝ նորահաստատ այս եկեղեցւոյ եւ ծխական համայնքին հետ աղօթակից ըլլալու։ Ան մէջբերեց օրուան աւետարանական հատուածի համարները, ուր Քրիստոս Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը, ուխտաւոր հաւատացեալներուն կ՛ըսէր. «Ով որ ծարաւ է, թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բխին» (Յովհ. 7։37-38)։ Քրիստոս, նիւթական ջուրէն անդին, ժռղովուրդը կը հրաւիրէր Աստուծոյ հետ ընդխառնուելու, կերպարանափոխուելու եւ հաւատքով ընդունելու Ս. հոգիին պարգեւները։ Առաջնորդը, իր կարգին, հրաւիրեց հաւատացեալները եկեղեցւոյ ժայռէն Քրիստոսի հրամցուցած ջուրով յագենալու, որպէսզի Ս. հոգիի պարգեւները ընդունելով՝ սէրը, համբերատարութիւնը, ներողամտութիւնը, ողորմածութիւնը եւ խաղաղութիւնը տիրապետեն ու առաջնորդեն մեզ։
Քարոզի աւարտին, առաջնորդը սուրբ ուրարի տուչութիւն կատարեց եկեղեցւոյ դպիրներէն Պաղտիկ Էքմէքճեանի։
Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ հաղորդութիւն։ Ապա, հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մատաղօրհնէք կատարուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղի, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի բոլոր հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Նախքան «Պահպանի»չ աղօթքը, երգուեցան «Կիլիկիա», «Ի վեհ բարձանց» եւ «Մեր Հայրենիք» մաղթերգները։
Յաւարտ պատարագի, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն։ Խաչիկ Թիթիզեան, ողջունելէ ետք հիւրերն ու ներկաները, բեմ հրաւիրեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։ Բոլոր խօսք առնողները շնորհաւորեցին Նորթ Հոլիվուտի նորահաստատ ծխական համայնքը, բարձր գնահատեցին տարուող եկեղեցանուէր եւ կազմակերպչական աշխատանքները, նաեւ հաստատեցին կարեւորութիւնը Նորթ Հոլիվուտի շրջանէն ներս եկեղեցի եւ կազմակերպ համայնք ունենալու հրամայականին: Անոնք յոյս յայտնեցին, որ սկսուած դրական եւ ժողովրդային խանդավառ այս մթնոլորտը հաստատ քայլերով առաջնորդէ սեփական եկեղեցի ունենալու երանական օրուան։
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան բազմավաստակ եւ աշուղական երգերով անուանի Լեւոն Գաթրճեանը եւ ժողովրդային երգիչ Նշան æաղացպանեանը։
Առաջնորդը, փակման իր խօսքին մէջ, գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար հայր սուրբին, հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան նուիրեալ աշխատանքը, վեր առաւ սարկաւագաց եւ դպրաց անդամներու եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ առհասարակ շնորհաւորեց Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքը, որ յառաջ կը տանի եկեղեցաշէն աշխատանքները։ Սրբազանը կոչ ուղղեց խօսքը գործի վերածելու եւ ստեղծուած խանդավառութեան գործնական ընթացք տալու։
Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան երկրորդ տարեդարձի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 18ին, «Անուշ Օճախ» ճաշարանին մէջ։ Ձեռնարկը կը վայելէր առաջնորդին հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը, եւ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ։
Ամէն Կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 2էն 4, Ս. Պօղոս քաղդէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ կը մատուցուի, Չորեքշաբթի երեկոները տեղի կ՛ունենան Ս. գրոց սերտողութեան հաւաքներ, իսկ Կիրակնօրեայ դպրոցը կ՛ընդունի մանուկները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.